ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուռ».- «Տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց» հարցը չի քննարկուիր. անգամ մը եւս կը յստակեցնէ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան:
Լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին խօսնակը կրկին վերահաստատեց արդէն բազմաթիւ անգամներ ներկայացուած մօտեցումը, որ Հայաստան Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է, եւ Արցախը որոշիչ ձայն պէտք է ունենայ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման փուլին:
Դիւանագէտը չյստակեցուց, թէ արդեօք Միւնիխի անվտանգութեան յառաջիկայ համաժողովին ընթացքաին տեղի պիտի ունենա՞յ Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպում:
«Հայաստանը չի հրաժարուել ու չի հրաժարուելու ռիսկերի նուազեցմանն ուղղուած քայլերի իրագործումից», ըսաւ Աննա Նաղդալեան՝ խօսելով շփման գիծին վրայ հետաքննութեան սարքեր տեղաւորելու Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններուն:
Նշենք, որ Deutsche Welle-ի ռուսական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ այս հարցին անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կ՛աշխատին երկիրներու ղեկավարներու հնարաւոր հանդիպման նախապատրաստման ուղղութեամբ:
Լրագրողին հարցումին՝ թէ ի՛նչ արդիւնք տուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումները՝ Փաշինեանն ըսած է. «Սա միայն նախնական գործընթաց է, խօսակցութիւններ: Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի շուրջ մեր պաշտօնական բանակցութիւնները դեռեւս չեն սկսուել, մենք պարզապէս հանդիպում ենք, զրուցում, կարծիքներ փոխանակում գործընթացների, բանակցային գործընթացի պատմութեան մասին: Մենք չենք ակնկալել, որ մեր այդ շփումների արդիւնքում լինելու են որոշակի տեղաշարժեր»:
Յայտնելով, որ այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կ՛աշխատին Փաշինեան-Ալիեւ հնարաւոր հանդիպման նախապատրաստման ուղղութեամբ՝ վարչապետը ընդգծեց. «Նրանք աշխատում են այդ հնարաւոր հանդիպումը կողմերի համար աւելի հասկանալի դարձնելու համար. ինչ եւ ինչպէս ենք քննարկելու: Անհնար է հակամարտութիւնը կարգաւորել՝ չլուծելով որոշակի յստակ հարցեր: Օրինակ, ես մէկ անգամ չէ՝ յայտարարել եմ, որ կարող եմ բանակցութիւններ վարել Հայաստանի Հանրապետութեան անունից, սակայն հակամարտութիւնն առնչւում է Լեռնային Ղարաբաղին: Այդ պարագայում ո՞վ է ներկայացնելու Լեռնային Ղարաբաղը. այն հակամարտութեան հիմնական կողմերից մէկն է»:
Ան յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կան իշխանութիւններ, այնտեղ ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, Արցախի մէջ բնակող մարդիկ չեն մասնակցիր Հայաստանի ընտրութիւններուն: «Նրանք ինձ իրենց որեւէ տեղ ներկայացնելու մանդատ (լիազօրութիւն-Խմբ.) չեն տուել: Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներն ունեն իրենց ներկայացուցիչները, ովքեր էլ պէտք է բանակցային գործընթացում ներկայացնեն իրենց», յայտնեց վարչապետը: