«Նոր Յառաջ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 23ի երեկոյեան, միասնաբար կազմակերպութեամբ Հայկական վաւերագրերու «Արամ» հաստատութեան եւ Հայ մշակոյթի տան, այս վերջինիս սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Վալերի Մանթոյի Le Sillon («Ակօսը») գիրքին ներկայացում-դասախօսութիւնը, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Նախ, բարի գալուստի խօսքերով արտայայտուեցաւ Մշակոյթի տան վարչութեան ատենապետ Կարօ Յովսէփեան: Յիշեցուց, որ հաստատութեան անցնող 40 տարիներուն ընթացքին շատ գրողներ հիւրասիրուած են այս յարկէն ներս, ինչպէս Ուիլիամ Սարոյեանի պէս աշխարհահռչակ դէմքեր: Այսօր առաջին անգամն ըլլալով՝ երիտասարդ վիպասանուհիի մը գործն է որ կը ներկայացուի, այն ալ՝ գրական մրցանակներու կրկնակի դափնեկիր: Վալերի Մանթոյի վէպը, որ յանձնառու (engage) աշխատութիւն մըն է՝ նախ 2018 Նոյեմբեր 7ին Renaudot ծանօթ գրական մրցանակին արժանացած է, ապա նաեւ՝ անցեալ շաբաթ Nouvelles d՛Armenie Magazine-ի մրցանակին, եւ շնորհաւորեց հեղինակը այդ յաջողութիւններուն համար: