ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան Յունուար 29ին այցելեց Կլենտէյլի «Թամըս Ճեֆըրսըն» նախակրթարան, ընկերակցութեամբ՝ Կլենտէյլի մaիացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Կրեկ Գրիգորեանի եւ վարչութեան անդամներ՝ Արմինա Կարապետեանի, Շանթ Սահակեանի, Նաիրի Նահապետեանի եւ քաղաքի դպրոցական համակարգի կառավարիչ Ուինֆրիտ Ռապըրթսընի:
Դպրոցի սաները գլխաւոր հիւպատոսին դիմաւորեցին աղուհացով եւ հայերէն ողջոյնի խօսքով: Գլխաւոր հիւպատոսը շրջեցաւ դպրոցի դասարանները, ծանօթացաւ եւ զրուցեց հայ եւ օտար աշակերտներու հետ, հետեւեցաւ դասերու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ աշակերտներու հայերէն լեզուի, հայ գրականութեան ու պատմութեան իմացութեան մակարդակին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքին հանրային դպրոցների FLAG ծրագրի հայերէն բաժնի պատասխանատու Միգանոյշ Մելքոնեանը գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուց երկլեզու ուսուցման հայկական բաժինի աշխատանքները: Նաեւ, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամները գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուցին հայերէնի ուսուցման ջանքերը ու յաջողութիւնները:
Դպրոցի հայ աշակերտները Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուցին հայ գրականութեան ու երաժշտական նմոյշներ՝ գեղեցիկ կատարումներով:
Իր խօսքին մէջ, գլխաւոր հիւպատոս Բայբուրդեան բարձր գնահատեց FLAG ծրագիրը, որ առիթ կ՛ընձեռէ քաղաքի հանրային դպրոցներուն մէջ սորվիլ գրեթէ բոլոր առարկաները եւ խոստացաւ աջակցութիւն ցուցաբերել այդ ծրագիրին։