ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ալին Քէշիշեան դարձաւ «Նեթֆլիքս» ընկերութեան «Նըրս Ռեչըտ» հաղորդաշարին գործադիր արտադրողներէն մէկը, կը տեղեկացնէ «Վըրայիթի»ն։
«Նեթֆլիքս»ը երկու տարուան վրայ երկարող 18 յայտագիրներու համար համաձայնութիւն մը կնքած է այս հաղորդաշարին համար, որուն գլխաւոր դերակատարներն են Շերըն Սթոն, Ճուտի Տէյվիս եւ Սինթիա Նիքսըն։
Քէշիշեան վարիչն ու գործընկերներէն մէկն է «Պրիլսթայն Էնթըրթէյնմընթ» հաստատութեան, իսկ անոր յաճախորդներէն են կամ եղած են՝ Ճենիֆըր Էնիսթըն, Օրլանտօ Պլում, Լորա Լինի, Մարք Ռաֆըլօ, Նեթըլի Փորթմըն եւ Կուէնեթ Փալթրօ։