ԻԿԸԼ ՌԱՔ.- Յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու հետ զբաղող ամերիկեան «Laterman Registry Center» կազմակերպութեան Հայ ծնողներու օժանդակ մարմինը իր տարեկան երրորդ Կաղանդի տօնակատարութիւնը իրականացուց 18 Դեկտեմբերին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնին մէջ, նեցուկ կանգնելու համար ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին, որուն նպատակն է շրջանի յատուկ կարիքներ ունեցող հայ մարզիկներու ընդգրկումը ՀՄԸՄի գործունէութեան մէջ։
Կաղանդի տօնակատարութեան ներկայ էին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, ծնողներ, յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներ, «Laterman Registry Center» կազմակերպութեան եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութեան աջակցող խումբ մը հայորդիներ։
«Laterman Registry Center» կազմակերպութեան Հայ ծնողներու օժանդակ մարմինը համակարգող Նանօր Գապագեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ տեղեկութիւններ տուաւ մարմինին, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին անցեալ տարուան իրագործումներուն եւ ապագայ նախաձեռնութիւններուն մասին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի «Հրաշք»ին նեցուկ կանգնող Փոթանթինոյին՝ յիշեցնելով, որ ան նաեւ ներկայ էր ՀՄԸՄի 43րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութեան, որուն ընթացքին տողանցած էին նաեւ ՀՄԸՄի «Հրաշք»էն 20 մարզիկներ։
Ապա, Գապագեան եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքեան ծերակուտականին յանձնեցին ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի մարզական շապիկ մը, առ ի գնահատանք։
Իր կարգին, Փորթանթինօ դր-ուատեց ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի գործունէութիւնը, որ համայնքային կարեւոր սպասարկութիւն կը մատուցէ հայ համայնքին։
Նշենք, որ «Laterman Registry Center» կազմակերպութեան Հայ ծնողներու օժանդակ մարմինը իւրաքանչիւր ամսուան երրորդ Երեքշաբթին կը հանդիպի Կլենտէյլի գրադարանի Չեվի Չէյս թաղի մասնաճիւղին մէջ (1100 E. Chevy Chase Drive Glendale, CA 91205), ի մի բերելով յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու ծնողներ։ Անոր գործունէութեան մասին յաւլեալ տեղեկութեանց համար դիմել Nanorkab@aol.com հասցէին, իսկ ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին գծով՝ Nanor.kabakian@Homenetmen.org հասցէին։