ԵՐԵՒԱՆ.- «Քալաշնիքով» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վլատիմիր Տմիթրիեւ «Քոմերսանդ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան 50 նոր AK-12 գնդացիր զէնքեր կը գնէ ընկերութենէն:
Տիմիթրիեւ նշեց, որ Հայաստան առաջին օտարերկրեայ պետութիւնն է, որ AK-12 կը գնէ, եւ որ ասիկա փորձնական խմբաքանակ է:
Նշենք նաեւ, որ «Քալաշնիքով» ընկերութիւնը Դեկտեմբեր 2018ին՝ AK-12 գնդացիրներ սկսած է մատակարարելու ռուս զինուորականներուն: