ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ խօսնակ Սթեֆան Տիւճարիք յայտարարութիւն մը տարածեց ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի անունով՝ ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որ տեղի ունեցած էր 16 Յունուարին, Փարիզի մէջ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեամբ:
«Ընդհանուր քարտուղարը բարձր կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգուած հակամարտութեան լուծման համաձայնեցուած եւ խաղաղ ուղիներ որոնելու կողմերուն յանձնառութիւնը, եւ, մասնաւորապէս կ՛ողջունէ ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղութեամբ յստակ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին նախարարներուն համաձայնութիւնը: Ընդհանուր քարտուղարը կը վերահաստատէ լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կարեւոր միջնորդական ջանքերուն», կ՛ըսուի ՄԱԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։