ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին, Շաբաթ, 2 Փետրուարի երեկոյեան, ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կատարողական արուեստներու սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դասական երաժշտութեան համերգ մը՝ նուիրուած յօրինող եւ դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանի (1921-1983) ստեղծագործութիւններուն։
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շարք մը արուեստագէտներ, ներառեալ՝ Արմէն Քսաճիքեան, Էլըն Տիշիրքեան, Արմէն Կիւզելիմեան, Սոնա Նալպանտեան, Արմէն Տէր Գէորգեան եւ ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի երգչախումբը։
Համերգը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ ընկերային պահը՝ ժամը 7ին։ Սրահի հասցէն է՝ 2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104։
Տոմսերու սակը 50էն 250 տոլար է։ Տեղեր կարելի է ապահովել՝ այցելելով www.showclix.com/event/arno-babajanyan կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (626) 794-7942 թիւին։