ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան (AGBU-YPNC), 15-17 Փետրուարի շաբաթավերջը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան 19րդ ձմեռնային հաւաքը, որուն հասոյթը այս տարի պիտի տրամադրուի Հայաստանի կանանց նուիրուած ՀԲԸՄի ծրագիրին:
Քաղաքին մէջ իրականանալիք շարք մը հաւաքոյթներու եւ պտոյտներու կողքին, այս նախաձեռնութեան արձանագրուողները նաեւ պիտի մասնակցին հռչակաւոր Սոնոմա հովիտի գինիներ համտեսելու շրջապտոյտի մը (17 Փետրուարին):
Ձմեռնային հաւաքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել agbusfgala@gmail.com հասցէին ու (415) 295-2259 թիւին կամ այցելել
www.agbusfwintergala.org կայքը: