ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի հիմնադրութենէն խանդավառուած, Ֆրեզնոյի մէջ բնակող կարգ մը վեթերան ՀՄԸՄականներ եւ երիտասարդ մարզիկ-մարզիկուհիներ ոտքի կ՛ելլեն հիմնելու ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը: Նախաձեռնութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ կ՛ընկալուի շրջանի հայութեան կողմէ, որոնք գործնականի անցնելով, Սեպտեմբեր 1973ին կը գումարեն մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը:
Պատմական այս ժողովին ներկայ կը գտնուին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն Յարութիւն Բարսեղեան, Ցոլակ Յովսէփեան եւ Ժագ Տէր Պօղոսեան, որոնք կը նշանակեն առժամեայ վարչութիւն մը, որպէսզի մասնաճիւղը կազմակերպուած ձեւով եւ մեծաթիւ անդամներով աշխատանքի սկսի:
Նոյն տարուան Նոյեմբերին կը կազմակերպուի մասնաճիւղի ծանօթացման առաջին ձեռնարկը, որ ոչ միայն կը յուսադրէ ներկաները, այլ նաեւ հիմը կը դնէ մասնաճիւղի սկաուտական միաւորին:
25 Փետրուար 1974ին, կը գումարուի նորակազմ մասնաճիւղի առաջին անդամական ժողովը, որուն ընթացքին կ՛ընտրուի մասնաճիւղի առաջին վարչութեան կազմը հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Վարուժան Պուլութեան՝ Ատենապետ
Սօսի Մսըրլեան
Վիքի Տէր Պօղոսեան
Կարպիս Քաթարոյեան
Հիւկօ Գէորգեան
Ալպերթ Աբրահամեան
Արաքսի Գալընեան (ի պաշտօնէ իբրեւ սկաուտական միաւորի խմբապետուհի):
Մեծ ոգեւորութեամբ աշխատանքի սկսած վարչութիւնը Ս. Զատկուան շնորհաւորական բացիկներով, ՀՄԸՄի Օրուան տօնակատարութիւն կազմակերպելով եւ մանաւանդ Քալիֆորնիոյ ֆութպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքին մասնակցելով, մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ շրջանէն ներս, մեծապէս նպաստելով անդամարշաւի իր կարեւոր աշխատանքին:
Մասնաճիւղի 1985ի տարեկան ընդհանուր ժողովը որոշում կ՛առնէ մասնաճիւղը անուանել առ ի յիշատակ արծուեբոյն Սասունին, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս զետեղուած Սասունցի Դաւիթի յուշարձանին: Այսպիսով մասնաճիւղը կը կոչուի ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ:
Օր ըստ օրէ բազմանդամ դարձող մասնաճիւղը, իր անդամներէն Րաֆֆի Սանդիկեանի նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ, 1986ին կ՛ունենայ իր նուագախումբը, որ ատենին ոչ միայն փայլք կու տայ մասնաճիւղին եւ իր գաղութի ձեռնարկներուն, այլ նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան Մարզախաղերու փակման հանդիսութեանց:
Մասնաճիւղի վարչութեան ա-ռընթեր կը գործեն Սկաուտական, մարզական ընկերային եւ մշակութային յանձնախումբեր, որոնց կազմակերպած աշխատանքներուն համար կ՛օգտագործուի շրջանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի սրահները:
Շնորհիւ իր հրապուրիչ եւ շինիչ ձեռնարկներուն, ՀՄԸՄը տիրական ներկայութիւն կը դառնայ Ֆրեզնոյի ազգային կեանքէն ներս:
Մասնաճիւղը կը մասնակցի ՀՄԸՄի Համա-գաղութային եւ Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու եւ սկաուտական բանակումներու, որոնք նոր ուժ եւ կորով տալով մասնակիցներուն, կ՛աշխուժացնէ նաեւ մասնաճիւղի գործունէութիւնը: Յատկապէս Հայաստանի անկախացումէն ետք, մասնաճիւղը միշտ ներկայութիւն կ՛ըլլայ հայրենիքի մէջ կազմակերպուած մարզական եւ սկաուտական գործունէութեանց: Նաեւ միշտ ներկայ եղած է ՀՄԸՄի միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքերուն եւ Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնց ընթացքին մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է, յատկապէս պասքեթպոլի եւ փինկ-փոնկի մարզաճիւղերէն ներս:
Մասնաճիւղը ամէն տարի ինք եւս կը կազմակերպէ միջ-մասնաճիւղային պասքեթպոլի մրցումներ, որոնք մեծ աշխուժութիւն կը ստեղծեն համայնքէն ներս:
Սկաուտական մարզէն ներս, մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Հրաչ Գոչունեան նշանակուած է շրջանի ՀՄԸՄի առաջին Շրջանային Ընդհանուր խմբապետ:
Դաստիարակչական գետնի վրայ մասնաճիւղի վարչութիւնը յաճախ կազմակերպած է դաստիարակչական դասախօսութիւններ՝ պատանիներն ու երիտասարդութիւնը յուզող, ազգային, հայրենասիրական նիւթերու մասին: Խմբապետական կազմը ամէն տարի կը կազմակերպէ տարեկան բանակումներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի սկաուտական թեւը կը գլխաւորէ շրջանի մասնաճիւղերու եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդներու կազմակերպած բանակումները:
Մասնաճիւղի գլխաւոր նուիրատուներէն ազգային բարերարներ տէր եւ տիկ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեանները ստանձնած են ՀՄԸՄի 8րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը, իսկ 26րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերունը՝ տէր եւ տիկ. Վաչէ եւ Ճէյն Սողոմոնեանները: Պէտք է ընդգծել նաեւ, թէ Վաչէ Սողոմոնեան, բազմիցս Նաւասարդեան ջահը խումբ մը մարզիկներու հետ հեծելարշաւով Ֆրեզնոյէն Նաւասարդեան Մարզախաղերու փակման հանդիսութեան վայրը հասցուցած է:
Մասնաճիւղի վարչութիւնը տարեկան իր եկամուտը գլխաւորաբար կ՛ապահովէ տարեկան իր կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսներէն: Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45ամեակի տօնախմբութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Շաբաթ, 3 Նոյեմբեր 2018ին, որուն Շրջանային վարչութենէն ներկայ գտնուեցան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան եւ Փիեռ Մանուկեան: Այս ձեռնարկի ընթացքին, մասնաճիւղի վարչութիւնը յատուկ գնահատագիրներով շնորհակալութիւն յայտնած է մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամներուն, ազգային բարերար Վահան եւ Անոյշ Շամլեանին ու Վաչէ եւ Ճէյմն Սողոմոնեանին: Իր հերթին, Շրջանային վարչութիւնը յատուկ յուշատախտակով շնորհաւորած է մասնաճիւղի 45ամեակը, ինչպէս նաեւ գնահատագիր մը յանձնած է Շամլեան զոյգին, առ ի երախտագիտութիւն իր ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ յատկապէս ազգային մեր կեանքէն ներս:
Վերջին տարիներուն գեղեցիկ սովորութիւն մը որդեգրելով, վարչութիւնը կը պարգեւատրէ իր անդամներէն տիպար ՀՄԸՄական մը: Այսպէս.
Արա Ճիկէրեան պարգեւատրուած է 2015ին
Նշան Տէր Գալուստեան՝ 2016ին
Ժանօ Քէրքէզեան՝ 2017ին:
Մասնաճիւղի գործօն անդամներէն Պերճ Աբգարեան, 2014էն ի վեր, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսն է եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները:
Մասնաճիւղը խիստ կարիքը ունի մարզադաշտի մը, որպէսզի ամէնօրեայ դրութեամբ կարենայ համախմբել մարզասէր երիտասարդութիւնը:
Ներկայ վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.
Արա Ճիկէրեան՝ Ատենապետ
Վաչէ Վասիլեան
Երջանիկ Օհանեան
Վահէ Նշանեան
Մինաս Արիսեան
Ժանօ Քէրքէզեան
Թամարա Սալէմ
Ներկայիս մասնաճիւղը ունի 216 անդամներ, որոնց 70ը սկաուտական բաժանմունքին անդամ են, 183ը՝ մարզական, իսկ 27ը՝ զանազան յանձնախումբերու մէջ գործօն անդամներ:
Հայ Օգնութեան Միութեան
Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի
Շրջանային Վարչութիւնը
Կը շնորհաւորէ համայն հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
մաղթելով մեր Հայրենիքին Հզօրութիւն, Արցախին միջազգային ճանաչում,
իսկ Ջաւախքի եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն
համբերութիւն եւ յարատեւելու կամք:
Ամանորեայ զոյգ տօներուն առիթով, մեր անսահման շնորհակալութիւիններն
ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՀՕՄի բարերարներուն, հովանաւորներուն,
նուիրատուներուն, ՀՕՄի հայրենի եւ տեղական ծրագիրներու զօրակցողներուն
եւ մեր 27 մասնաճիւղերու անդամներուն, Ընկերային Ծառայութեան
եւ Հոգեբանական զոյգ կեդրոններու տնօրէնութեանց եւ պաշտօնէութեանց
Թող նոր տարին բարեբեր եւ նոր նուաճումներու տարի հանդիսանայ բոլորիս:
The ARS of Western USA, Regional Executive
extends its greetings
for a Happy New Year and Merry Christmas with wishes of
strengthening our homeland, gaining international recognition for Artsakh,
and further willpower to sustain Armenians in Javakhk and Syria.
We extend our sincere thanks and appreciation to ARS sponsors
and donors, supporters of local and international ARS programs,
the members of our region’s 27 chapters, as well as the administration
and staff of our Social Services and Child, Youth, and Guidance Center.
May the New Year be filled with great prosperity for all.