1979ին, շրջանը հաստատուած խումբ մը հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ, որոնցմէ մաս մը արդէն իսկ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին անդամագրուած էին, գրաւոր դիմում կը կատարեն ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ մասնաճիւղ մը հիմնելու խնդրանքով: Շրջանային վարչութիւնը ընդառաջելով դիմումին, 16 Օգոստոս 1979ին, 15 մասնակիցներով խորհրդակցական հանդիպում մը կ՛ունենայ մասնաճիւղի հիմնադրութեան հաւատացող ազգային Քրիս Աբգարեանի բնակարանը, ուր մասնաճիւղը հիմնելու որոշումը կ՛առնուի:
Մինչ այդ, Յունիս 1979ին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ սկաուտական խումբեր կազմուած էին շրջանին մէջ, որոնց թիւը 60ի կը հասնէր:
Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, 20 Սեպտեմբեր 1979ին, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Տիգրանեան սրահը կը գումարուի մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը, որուն ընթացքին հետեւեալ քոյր-եղբայրները հիմնադիր վարչութեան անդամ կ՛ընտրուին.
Քրիս Աբգարեան
Կարօ Պետրոսեան
Ժիրայր Պոյաճեան
Խաչիկ Կիւլէքեան
Վարդգէս Թուլումեան
Ալիս Թոփալեան
Վահան Պապամեան
Կարօ Մարգարեան
Րաֆֆի Սարգիսեան (Սկաուտ խմբապետ)
Շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն, մասնաճիւղի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ զօրավիգ կը կանգնի մասնաճիւղին, որ Շրջանային վարչութենէն իր վաւերացումը կը ստանայ 25 Հոկտեմբեր, 1979ին:
Մեծ ոգեւորութեամբ հիմնուած «Մասիս» մասնաճիւղը, հազիւ մէկ տարեկան (1980), կ՛ունենայ իր սկաուտական խորհուրդն ու մարզական բաժինը: Նոյն տարին, մասնաճիւղի պասքեթպոլի Ա. խումբը ՀՄԸՄի Պասքեթպոլի լիկի կազմակերպած մրցաշարքի ախոյեանութեան կը տիրանայ:
1981ին, մասնաճիւղի մեծաթիւ սկաուտական բաժանմունքը կը կազմակերպէ իր սկաուտական առաջին բանակումը, որ մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծէ բանակողներուն եւ այցելուներուն մօտ: Իսկ մարզական բաժանմունքը ունէր երեք պասքեթպոլի խումբեր (1 մանչերու, 2 աղջիկներու), մանչերու վոլիպոլի խումբ մը, ինչպէս նաեւ փինկ-փոնկի երկսեռ մարզիկներ: Մարզականէ եւ սկաուտականէ անդին, կ՛աւելնայ թիւը նաեւ մասնաճիւղի երիտասարդ անդամներուն: Մասնաճիւղի ընդհանուր թիւը կը հասնի 345ի:
Մասնաճիւղի վարչութեան կողքին կը գործեն Սկաուտական խորհուրդ, Մարզական եւ Ընկերային յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ երիտասարդական բաժանմունք:
1983ին, Շրջանային վարչութեան թելադրանքով մասնաճիւղը կ՛անուանուի հայութեան սրտի մօտիկ եւ շատ սիրելի «Մասիս» լերան անունով:
1985ին, մասնաճիւղը կը մասնակցի Նաւասարդեան 10րդ մարզախաղերուն եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ երկրորդ տեղը:
Վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեաններու իշխանական նուիրատուութեամբ, սեփական մարզադաշտ ունենալու իրողութիւնը եւս մեծապէս կը նպաստէ շրջանի մարզասէր երիտասարդութիւնը ներգրաւելու մասնաճիւղի շարքերէն ներս:
Եօթ տարիներէ ի վեր մասնաճիւղի կազմակերպած ֆութպոլի եւ այս տարուան (2018) վոլիպոլի մրցաշարքերը, իրենց դրական ազդեցութիւնը ունենցած են մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքի յառաջդիմութեան: Իսկ նորագոյն մարզական եւ ընտանեկան բանակումները, առաւել կը նպաստեն մասնաճիւղի թուական աճին:
Բնական է մասնաճիւղը կը դիմագրաւէ նաեւ դժուարութիւններ: Անոր հոգածութեան յանձնուած նորահաս սերունդներուն ՀՄԸՄի իսկական իմաստն ու արժէքները հասկցնող կամաւորներու պակասը զգալի է, սակայն վարչութիւնը, զանազան միջոցներով կը փորձէ այդ բացը գոցել:
Անցնող 36 տարիներու ընթացքին մասնաճիւղի մարզական խումբերու եւ սկաուտական բաժանմունքներու աշխատանքային վայրերու յարատեւ փոփոխութիւնները, երբեմն յուսալքութեան առաջնորդած են զանոնք: Նիւթականի չգոյութեան հետեւանքով նոր մարզադաշտի դանդաղ շինարարութեան ընթացքը եւ զայն օգտագործելու սահմանափակ ժամերը եւս դժուարութիւններու կը մատնեն մարզական խումբերը:
Այսուհանդերձ, յաջորդական վարչութիւնները ամէն ջանք թափած են հետաքրքրական ծրագիրներով խանդավառութիւն ստեղծելու մասնաճիւղէն ներս: Սկաուտական շաբաթական հաւաքները, ըստ յարմարութեան, տեղի կ՛ունենան O’Melvany զբօսայգիին մէջ եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս: Մեծ ջանք կը թափուի նաեւ մարզական փորձերը կատարելու Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան մարզադաշտին վրայ, Canoga Park, որ նաեւ կ՛օգտագործուի իբրեւ կեդրոն:
Մասնաճիւղը միշտ ներկայութիւն է իր համայնքէն ներս: Սկաուտական բաժանմունքը Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու զուգահեռ, ներկայութիւն է նաեւ իր շրջանի հանրային ձեռնարկներուն: Յաջորդական վարչութիւնները կը կազմակերպեն հանգանակային ձեռնարկներ, դաշտապտոյտներ, երիտասարդութեան կամաւոր աշխատանքի կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ բարեկամական խաղեր:
Շրջանային վարչութեան հետ մասնաճիւղը մօտէն կը գործակցի որուն փորձառու անդամները աշխատանք կը տանին Շրջանային յանձնախումբերու՝ Մարզական եւ Սկաուտական խորհուրդներու, Նուագախումբի եխւ Նաւասարդեան փառատօնի մէջ:
Պէտք է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղն էր, որ իր փինկ-փոնկի հրաշալի խումբով, Նաւասարդեան մարզախաղերու մարզական ծրագիրին մէջ ընդգրկել տուաւ փինկ-փոնկի մրցումները:
Իսկ 2018ի Նաւասարդեան Փառատօնի շրջափակէն ներս, մասնաճիւղը առաջին անգամն ըլլալով հանրութեան ներկայացուց իր Robotics Program-ը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, փառատօնի շրջափակէն ներս: Նոյն ծրագիրով, հայկական այս խումբը առաջին անգամն ըլլալով 2019ին՝ ՀՄԸՄը պիտի ներկայացնէ միջազգային մրցակցութեան մը:
Մասնաճիւղէն հետեւեալ եղբայրները հրաւիրուած են եւ մաս կը կազմեն հանրածանօթ պասքեթպոլի խումբերուն.
Նարեկ Քոփուշեան, – Կեդրոնական Պասքեթպոլի Հիմնարկ (Central BB Association)
Մայք Դանիէլեան, Գերմանիա – Պասքեթպոլ Գերմանիա
Կէրի Ժիվիչեան, Այտահօ նահանգի թիւ 1 դասակարգ (Idaho State Div. 1)
Ճաք Կարապետեան, Քանսըս Սթէյթ (Kansas State)
Նիք Քան, Լոնկ Այլընտ Համալսարան (Long Island University)
Արամ Արսլանեան, Լէյք Ֆորեսթ Քոլեճ (Lake Forest College)
Քրիս Եանքու, արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ Թուրքիոյ մէջ
2017ի Նաւասարդեան մրցումներուն, մասնաճիւղը ախոյեան հանդիսացած է պասքեթպոլի մանչերու ԱԱ, 18, 15, 14, 12 եւ 10 տարեկան եւ վեր, ինչպէս նաեւ աղջիկներու 12 տարեկան եւ վեր դասակարգերու մէջ, իսկ վոլիպոլի աղջիկներու 18 տարեկան եւ վեր դասակարգի մէջ:
Իսկ այս տարուան (2018) Նաւասարդեանի մարզախաղերուն ախոյեան հանդիսացած է մանչերու Ա1, 21, 16, 14, 13, 11 տարեկան եւ վեր դասակարգերու մէջ: 2015, 2016, 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու Նաւասարդեան մարզախաղերուն մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքը ընդհանուր դասաւորման մէջ ախոյեան հանդիսացած է թեթեւ աթլեթի, լողի եւ ճատրակի մէջ:
Մասնաճիւղի երկու նուիրեալ ՀՄԸՄականներ ստանձնած են ՀՄԸՄի Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը եւ լիովին կատարած են իրենց վստահուած պարտականութիւնները:
Տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան, 2003ին
Տէր եւ տիկ. Չարլի եւ Ճիւլի Կալեան, 2004ին
Մասնաճիւղէն Տիպար ՀՄԸՄականի տիտղոսին արժանացած են եղբայրներ՝
Ժիրայր Պօյաճեան, 1989ին
Կարօ Գազանճեան, 2002ին
Ալպեր Ունճեան, 2008ին
Զաքար Չորպաճեան, 2009ին
Մասնաճիւղէն հետեւեալ եղբայրները արժանացած են Շրջանային վարչութեան Ծառայութեան շքանշանին.
Եղբ. Քրիս Աբգարեան, 2015ին
Եղբ. Օշին Յարութիւնեան, 2016ին
Եղբ. Յովիկ Պետեւեան, 2017ին
Եղբ. Ստեփան Պաղպուտարեան, 2018ին
Մասնաճիւղը կը կազմակերպէ միջմասնաճիւղային բարեկամական, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի մրցաշարքեր, սկաուտական բանակումներ, քայլարշաւներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ:
Մասնաճիւղը միշտ դրական արձագանգած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն եւ սկաուտական բանակումներուն: Յատկապէս հայրենիքի մէջ իրագործուած այս աշխատանքները մեծապէս ոգեւորած են մասնակիցները եւ հայրենասիրութեամբ լեցուցած են անոնց հոգիները: Մասնաճիւղը նաեւ, պարբերաբար մասնակցած է ՀՄԸՄի Գանատայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջցամաքային մարզախաղերուն եւ յաղթանակներով վերադարձած է: 2017ին, մասնաճիւղի պասքեթպոլի աղջկանց եւ ֆութպոլի վեթերաններու խումբերը մասնակցած են նոյն մարզախաղերուն:
Նոյնն է պարագան նաեւ մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքին: Յաջորդական վարչութիւնները մեծապէս քաջալերած են բաժանմունքը մասնակցելու ցարդ կազմակերպուած 11 Սկաուտական ընդհանուր բանակումներուն՝ հայրենիքէն դուրս կամ հայրենի հողին վրայ: Այս տարի, բաժանմունքը մեծ թիւով մասնակցեցաւ Բիւրականի մէջ կազմակերպուած եւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Սկաուտական ընդհ. բանակումին:
Մասնաճիւղը միշտ ներկայ գտնուած է Շրջանային վարչութեան կազմակերպած դաստիարակչական եւ գործնական սեմինարներուն: Պարբերաբար ինք եւս նախաձեռնած է դաստիարակչական կարեւոր նախաձեռնութիւններ: Իսկ յատկապէս այս տարի մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքի մարզիչներուն համար կազմակերպուած է շտապ օգնութեան դասընթացքներ, որուն մասնակցած են բոլորը:
Մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքը մօտէն կը գործակցի Ամերիկեան սկաուտութեան շրջանի խորհուրդին հետ եւ կը հետեւի անոր Eagle Scouts կարգի դասընթացքներուն: Այս պատուին արժանացած են մասնաճիւղէն երկու սկաուտ պատասխանատուներ:
Մասնաճիւղի 2018 տարեշրջանի վարչութեան կազմը հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ կը բաղկանայ.
Մարինա Եիլիպոսեան – Ատենապետ
Սօսի Պալուզեան
Լուսիա Չորպաճեան
Այտա Տէրտէրեան
Հէրի Զագարեան
Սօնա Պոյամեան
Վահէ Գարակէօզեան
Նարեկ Գոբուշեան
Քրիսթին Ռաֆայէլեան
Մասնաճիւղի նոր մարզադաշտը, Ամերիկեան Սկաուտութեան Eagle Scout ծրագիրի մասնակցութիւնը, Մարզիչներու շտապ Օգնութեան դասընթացքները, հանրածանօթ դարձած մասնաճիւղի մարզիկները, Ամառնային պասքեթպոլի եւ ընտանեկան բանակումները, երգիծական երեկոները, ճաշկերոյթ ձեռնարկները, օրիորդաց եւ տղամարդոց արտա-ակմուբային ձեռնարկները, գծագրութեան ձեռնարկները, Հայրերու/Մայրերու Օրուան դաշտահանդէսները, Ս. Զատկուան հաւկթախաղի նախաձեռնութիւնը, հեծելարշաւները, հանրակառքով պտոյտներն ու այլ հետաքրքրական աշխատանքները կու գան հարստացնելու մասնաճիւղի առօրեան: