ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ որոշ շրջանակներ սկսած են պայքար մղելու քրիստոնեաներու Ս. Ծնունդին ու Ամանորի հանդիսութիւններուն եւ աւանդութեանց դէմ՝ պնդելով որ ասիկա արեւմտեան աշխարհի խաբէական մէկ կարգադրութիւնն է եւ թուրք ժողովուրդը կը խաթարուի մասնակցելով այդ տօնակատարութեանց։
Օրինակ, «Գիտակից ուսուցիչներու միութիւն» կազմակերպութիւնը դէմ է այս առիթով դպրոցներու մէջ հանդէսներ կազմակերպելու գաղափարին եւ զանազան լրատու գործակալութիւններ հրատարակեցին Ամանորի դէմ գրութիւններ, որոնց մէջ կը պնդուի թէ ժողովուրդն ալ դէմ է նման տօնակատարութիւններու եւ այդ առիթով կազմակերպուող ազգային վիճակահանութեան, «որոնք արեւմտեան աշխարհի զեղծարարութիւններն են»։
Միւս կողմէ, քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահները շնորհաւորեցին քրիստոնեաներու Ս. Ծննդեան տօնը՝ ըսելով. «Մենք հաստատակամութեամբ պիտի շարունակենք պայքար մղել ազատ, արդար, մարդկային արժէքներու հանդէպ յարգալիր հանրապետութիւն մը եւ հասարակաց երկիր մը ունենալու համար»։
Նշենք, որ Իրաքի կառավարութիւնը այս տարի Ս. Ծնունդը յայտարարած է երկրին մէջ պաշտօնական տօն: «Արապիա» կայանը կը գրէ, թէ Իրաքի քրիստոնեաները այս տարի կրցած են ազատօրէն Ս. Ծնունդը տօնել այն շրջաններուն մէջ, որոնք ազատագրուած էին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն: Իրաքի մէջ քրիստոնեայ բնակչութիւնը զգալիօրէն նուազած է, մօտաւորապէս 1.5 միլիոնէն հասնելով մինչեւ 300,000ի: