ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ փոխադրութեան ու ենթակառոյցներու նախարար Ճահիտ Թուրհան բողոքի նամակ մը ուղարկեց «Կուկըլ» ընկերութեան՝ պահանջելով անոր քարտէսներու սպասարկութեան մէջ տեսնուած Քիւրտիստանի քարտէսը հեռացնել, որովհետեւ անիկա կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ արեւելեան հատուածի զգալի մէկ մասը, ներառեալ այն շրջանները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ հայաբնակ էին։
Քարտէսը նկատած են «Լաւ» կուսակցութեան երեսփոխանները, որոնք անմիջապէս ահազանգ հնչեցուցած են եւ հարցագիր ներկայացուցած նախարար Թուրհանին, որ վստահեցուցած է, որ արդէն իսկ կը զբաղի այդ հարցով։
Քարտէսին համաձայն՝ Քիւրտիստանի մէջ ներառնուած են նաեւ Իրաքի, Իրանի եւ Սուրիոյ կարգ մը հատուածները։