ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Կառավարութիւնը իր 27 Դեկտեմբերի նիստին գերակայ նկատուող ոլորտներու մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնող ութ ընկերութիւններու մաքսատուրքէ ազատման արտօնութիւն տրամադրեց:
Սոյն ընկերութիւններն են՝ «Կասկադ-Միրտեկ», «Տեֆֆի», «Ռ. Զաքարեան», «Արմէնիան Տոբակօ Քոմփանի», «Սանտա Մոնիկա», «Վելուիօ», «Եւրօ Տրակ» եւ «Ռոյալ Գլաս Գրուպ»:
Այս ընկերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ միասին պիտի իրականացնեն առաւել քան 23.8 միլիառ դրամի կամ շուրջ 50 միլիոն տոլարի ներդրում, որոնց շնորհիւ պիտի ստեղծուի 541 աշխատատեղ: