
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հովանիին տակ գործող Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը, նմանապէս մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացող Լէօ Սարգիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրը եւ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ վարժողական ծրագիրներ հայ ուսանողներուն ներկայացնելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին համագործակցութեամբ, վերջերս վեց հաւաքներ տեղի ունեցան Քալիֆորնիոյ տարածքին գտնուող համալսարաններու մէջ:
«Քաջալերական է այս հաւաքներուն տեսնել մեծ թիւով ուսանողներու, որոնք հետաքրքրուած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութեամբ եւ փափաք կը յայտնեն գործնականապէս մասնակից դառնալու Հայ Դատի հետապնդման եւ Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութեանց սերտացման ջանքերուն», կը յայտնէ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու վարիչ Թերեզա Երիմեան:

Ծանօթացման արշաւին մէկ մասը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի, Սանթա Պարպարայի եւ Պըրքլիի մասնաճիւղերուն մէջ, իրականցաւ Երիմեանի առաջնորդութեամբ, մինչ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Տիգրան Խոտանեան ներկայացումները առաջնորդեց Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Ըրվայնի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Փասատինայի քաղաքային համալսարանին մէջ։
Այս մասին Երիմեանի պատրաստած տեսանիւթը դիտելու համար այցելել՝ https://youtu.be/pcUybRIyA_4 կայքէջը։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Քարապեաններու անուան վարժողական ծրագիրները երիտասարդ ղեկավարներ պատրաստելու նպաստող իւրայատուկ ծրագիրներ են, որոնք կը նպաստեն ուսանողներու ձիրքերու մշակման, միաժամանակ նպաստելով համայնքային առաջնահերթ նպատակներու յառաջխաղացքին», կը յայտնէ Տիգրան Խոտանեան։
Նշենք, որ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրը հաստատուած է 2003ին, Քաֆէսճեան ընտանիքի հիմնարկութեան մէկ նուիրատուութեամբ։ Այդ թուականէն ի վեր, համալսարանական նոր շրջանաւարտներ ձրիաբար ապրած են մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող անոր կեդրոնատեղիին մէջ, երբ քոնկրեսական զանազան գրասենեակներու կամ այլ հաստատութեանց մէջ կ՛ամբողջացնեն իրենց եռամսեայ վարժողական ծրագիրները: Ծրագիրը ցարդ օժանդակած է առաւել քան 250 հայ ուսանողներու: Անիկա աւելի ուշ կոչուեցաւ Ֆրեզնոյէն ուսանող Յովիկ Սաղտճեանի անունով, որ 2005ին ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով մահացած էր, երբ անոր ընտանիքը առատաձեռն նուիրատուութիւններով զգալիօրէն ընդարձակեց ծրագիրին գործունէութիւնը։ Յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրուած է նաեւ Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնին կողմէ: 2015ին, հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ի յիշատակ Արամեան ընտանիքին կատարած նուիրատուութեամբ, «Արամեան Տուն»ի գնումը մեծապէս նպաստեց այս ծրագիրի ընդարձակման:
Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան կրթանպաստով, Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող ծրագիրը իննամսեայ փորձառութիւն մըն է, որ նպատակ ունի զարգացնել մասնակիցներուն ղեկավարման եւ արհեստավարժ ձիրքերը: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancawr.org/fellowship կայքէջը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վարժողական ծրագիրը առիթ կու տայ երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարանական ուսանողներու, ինչպէս նաեւ նոր շրջանաւարտներու մօտէն ծանօթանալու ամերիկեան քաղաքականութեան կեանքին, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ։
