ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Կատարելով մեր հանրութեան պահանջը եւ պարոն վարչապետի յանձնարարութիւնը՝ մենք օրնիբուն աշխատել եւ աշխատում ենք՝ լուծելու համար նախկինում այլանդակ ձեւերի եւ աննկարագրելի չափերի համակարգային կաշառակերութեան, անպատժելիութեան, տնտեսական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները յայտնաբերելուն ուղղուած խնդիրները», իր ելոյթին մէջ յայտարարեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պետ Արթուր Վանեցեան՝ ԱԱԾի 100ամեակին եւ Անվտանգութեան մարմիններու աշխատողի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր նիստին ընթացքին:
«Շատ ոլորտներում կոռուպցիան (զեղծարարութիւնը-Խմբ.) ունեցել է բրգաձեւ կառուցուածք, իսկ դա նշանակում է, որ պետութեան անվտանգութիւնը եղել է վտանգուած եւ խոցելի», շեշտեց Վանեցեան, աւելցնելով, որ 2018ի 11 ամիսներուն ընթացքին նորաստեղծ Տեղեկատուական անվտանգութեան եւ կառավարման կապի գլխաւոր վարչութեան մասնագէտներուն ջանքերով խափանուած է պետական կայքերու վրայ առաւել քան 3 միլիոն յարձակման փորձ:
Բանակին մէջ կաշառակերութեան երեւոյթներու յայտնաբերման անդրադառնալով՝ Վանեցեան յայտնեց, որ յարուցուած են շուրջ 7 տասնեակ քրէական գործեր, մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուած են, իսկ պատճառուած վնասները կրնան հասնիլ տասնեակ միլիառաւոր դրամի: