
ԹԵՀՐԱՆ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մեհր», «Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները առաւել պիտի խորանան: Քասեմի ընտրութիւնները նկատեց դրացի երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպաստող քայլ մը:
Շեշտելով, որ դրացիներու հետ յարաբերութիւնները իւրայատուկ տեղ ունին Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ անոնք որոշիչ նշանակութիւն ունին շրջանի բոլոր երկիրներուն կայունութեան, բարգաւաճման եւ ապահովութեան համար՝ Ղասեմի նկատել տուաւ, որ Իրան իր բոլոր դրացիներուն հետ հաստատած է մշակութային եւ պատմական խոր կապեր, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին Իրանի համար:
Իր կարգին, Բրիտանիոյ կառավարութեան Եւրոպայի հարցերով նախարար Ալըն Տանքըն ողջունեց Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Հայաստանի մօտ Բրիտանիոյ դեսպանատան համաձայն՝ նախարարը ողջունեց միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութիւնը, ըստ որուն՝ 9 Դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ «տեղի ունեցած են հիմնարար ազատութիւններու պահպանութեամբ եւ ունեցած են հանրութեան լայն շրջանակներու վստահութիւնը»:
«Այս ընտրութիւնները Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման մէջ կարեւոր փուլ մը կը յատկանշեն: Կը շնորհաւորեմ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքին տպաւորիչ յաղթանակը, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողով անցած միւս կուսակցութիւնները: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ սերտօրէն գործակցիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ՝ աջակցելով ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդման եւ քաղաքական ու տնտեսական յաւակնոտ բարեփոխումներուն՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին», եզրակացուց նախարարը։
