ԵՐԵՒԱՆ.- Զինուորական ծառայութեան պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին հրազէնի փամփուշտով վիրաւորուած զինուոր Ռուզվելտ Արայի Թորոսեան բուժման համար պիտի ուղարկուի Ֆրանսա: Ա. Թորոսեանի բուժումը իրականացնելու համար, կառավարութիւնը Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբերի նիստին ընթացքին որոշեց իր պահուստային հիմնադրամէն յատկացնել 1 միլիոն 303 հազար դրամ:
Թորոսեան վիրաւորուած էր 2014 Մայիս 27ի գիշերը, լոյս 28ին, հայ-ատրպէյճանական սահմանէն Հայաստան ներխուժել փորձած ատրպէյճանական յարձակումը ետ մղելու ընթացքին:
Ինչո՞ւ այսքան երկար ժամանակ յետաձգուած է բուժումը: