ՊԸՐՊԵՆՔ.- Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի յատուկ ձեռնարկ մը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականներու ծննդեան եւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման տարեդարձներուն առթիւ։
Ծննդեան տարեդարձներն էին հետեւեալ հոգեւորականներուն՝ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան (80 տարեկան), Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան (70 տարեկան), Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան (60 տարեկան), Զաքարիա քհնյ. Սարիբեկեան (50 տարեկան) եւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան (40 տարեկան), իսկ ձեռնադրութեան եւ օծման տարեդարձներն էին հետեւեալներուն՝ Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան (50 տարի), Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան (40 տարի), Զենոբ Ա. քհնյ. Նալբանտեան (40 տարի), Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեան (30 տարի), Սարգիս Ա. քհնյ. Փէթոյեան (20 տարի), Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան (20 տարի), Աւետիս քհնյ. Աբովեան (10 տարի), Խաժակ քհնյ. Շահպազեան (10 տարի) եւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան (10 տարի)։
Հանդիսութեան ներկայ էին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Թաշճեան, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ։
Հանդիսավարներն էին՝ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ շարականներու երգեցողութիւն եւ խորհրդածութիւններ, իսկ Ալենուշ Եղնազար Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններէն երկու գեղեցիկ երգեր երգեց եւ տաճարի երգչախումբը շարականներու փունջ մը ներկայացուց։
Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան խօսեցաւ քահանայութեան կոչումին եւ ծառայութեան կարեւորութեան մասին, իսկ Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան շնորհաւորեց քահանայ հայրերը եւ մաղթեց, որ քահանայից դասը երիտասարդ քահանաներով առաւել եւս ամրանայ։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ դիտել տուաւ, թէ քահանայից ծննդեան տարեդարձներու եւ յատկապէս ձեռնադրութեան եւ օծման ամեակներուն նուիրուած այս հանդիսութեան նպատակն է քահանայական կոչման եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը ընդգծել, որ գործնապէս կ՛արտայայտուի հոգեւոր սպասաւորութեան կամ ծառայութեան կեանքով։
Սրբազանը իւրաքանչիւր յոբելեար քահանայի լանջախաչ նուիրեց, ապա «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Փօլ Եղբայրներ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։