Կեանք կը բուրեն
Վերազարթնում ու յաղթանակ կը բուրեն
Ուր որ ըլլան հողմացրիւ ուր որ գաղթեն – Վարդապե՛տ
Քու տառերդ ազատութիւն կը բուրեն:
ԶԱՀՐԱՏ
Հայ տառերու գիւտով Մեսրոպ Մաշտոց հայութեան տուաւ հոգեմտաւոր մշակոյթի զարգացման եւ արժէքներու պահպանման երաշխիքը ու այսօր ստոյգ, կամայ թէ ակամայ հողմացրիւ դարձած հայերս, անոր ապաւինած, մենք մեր փոքրիկ Հայաստանը կը կերտենք հայրենիքէն մղոններով հեռու ու մեր հայու ինքնութիւնը կը պահենք, նոր սերունդին փոխանցելով մեր մշակութային գանձերը, որոնք հիմքն են մեր գոյութեան ու երաշխաւորողը՝ մեր գալիքին:
Մերտինեան վարժարանի եւ Լոս Անճելըսի տասնեակ մը այլ հայկական վարժարաններու մէջ Մշակութային Ամիսը արդէն իսկ իր աւարտին հասած է:
Մերտինեան վարժարանը իր տնօրէնութեամբ, ծնողաուսուցչական եւ աշակերտական կազմերով ամիս մը ամբողջ, հանդէս եկաւ ու փառաբանեց հայ մշակոյթը, տարբեր նախաձեռնութիւններով, ներառեալ՝ Հոկտեմբեր 23-26ին կայացած հայ գիրքերու, իրերու եւ յուշանուէրներու վաճառքը:
Հոկտեմբեր 15ին տեղի ուենցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան Մշակոյթի ամսուան նուիրուած ճաշկերոյթը. սեղանին գլխաւոր զարդն էր նուշով, մեղրով, չամիչով հագեցած՝ ղափաման:
Հոկտեմբեր 25ի յետմիջօրէին, դասաւանդութիւնները կանգ առին եւ աշակերտները դասարան առ դասարան իրենց ծնողներուն հետ վարժարանիս շրջափակին մէջ համտեսեցին ծնողաուսուցչական մարմինին կողմէ հրամցուած հայկական խորովածը եւ անուշեղէնը:
Օրուան եզրափակիչ ձեռնարկը՝ մանկապարտէզէն Ե. կարգի աշակերտներուն հրամցուցած գեղարուեստական յայտագիրն էր, որուն հիւրերն էին վարժարանս այցելող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Սերովբէ Ալանճեանի ընկերակցութեամբ, վարժարանիս հիմնադիրներէն եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան յիշեցնելու, թէ հայ եկեղեցւոյ թարգմանիչներն էին, որոնք հիմքը դրին հայ դպրութեան ու անոնց ջանքերով մեր ազգը համախմբուեցաւ ու գոյատեւեց հակառակ իր դիմագրաւած արհաւիրքներուն։
Յայտագիրը բացուեցաւ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանի բարի գալուստի խօսքերով եւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով:
Աշակերտները իրենց արտասանութիւններով, փոքրիկ ներկայացումներով, երգերով ու խանդավառութիւն հրահրող պարով ելոյթ ունեցան փոխն ի փոխ եւ աւարտեցին «Երեւան-Էրեբունի» երգով:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Նկատեցի շատերդ «Դուխով» շապիկներ հագած էք այսօր։ Այդպէս, ամէն առաւօտ «Դուխով» եկէք դպրոց՝ սորվելու»: Ապա ան անդրադարձաւ դպրոցի բարերարներ՝ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեաններուն, որոնք իրենց կեանքի խնայողութիւնը նուիրած են վարժարանիս հիմնադրութեան գործին:
Անտարակոյս պէտք է յիշել նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան բարենպաստ դերը:
Տնօրէնուհի Արսլանեան իր շնորհակալութեան խօսքերը ուղղեց հայերէնի բաժանմունքի ուսուցիչներուն, գրադարանի պատասխանատուին եւ ծնողաուսուցչական մարմինին, յորդորելով աշակերտները՝ հաւատարիմ մնալու հայ աշակերտի ուխտին: Ապա ան հրաւիրեց առաջնորդ հայրը, որ իր պատգամով ու օրհնութեան աղօթքով եզրափակէ յայտագիրը:
Առաջնորդ հայրը, փոխանցելէ ետք իր պատգամը, աշակերտներուն ուխտել տուաւ՝ տէր կանգնելու մեր մշակութային աւանդներուն ու հայօրէն ապրելու:
(Թղթակցութիւնը՝ վաժարանէն)