Տասնամեակներ առաջ հայաթափուած Մարաղա քաղաքին մէջ, ուր հայութիւնը մեծաթիւ կ՛ապրէր իր ազգային-քրիստոնէական կեանքը, տակաւին կանգուն է Ս. Յովհաննէս հնադարեան եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անհաշիւ տարիներու գոյութիւն ունեցող Հայոց ազգային գերեզմանատունը:
Սոյն երկու վայրերու վերատեսչական այցելութիւն տալու նպատակով, Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբերին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի, այցելութիւն տուաւ Մարաղա նախկին հայաշատ քաղաքը: Խումբ մը նախկին մարաղահայերու ներկայութեան, սրբազան հայրը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց ազգային գերեզմանատան մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հարեւան շէնքերու պատասխանատու տեղացիներ, այս առիթով հիւրասիրելով բոլոր ներկաները:
Յայտնենք, որ սոյն այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար նահանգի Մշակութային ժառանգութիւններու ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Ապտարի կողմէ Ազգային առաջնորդարան կատարուած այցելութեան եւ սրբազան հօր հետ ունեցած հանդիպման իբրեւ հետեւութիւն:
Տեղւոյն վրայ քննարկման ենթարկուեցան Ազգային գերեզմանատան սահմաններն ու շրջակայ շինարարութիւններու հետեւանքով ստեղծուած նոր պայմանները, որոնց պատճառով յառաջիկային հաւանական վերադասաւորումներ պիտի կատարուին ազգային սոյն կալուածի տարածքին վրայ:
Գերեզմանատան շուրջ եղած խորհրդակցութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ Հայաստան (Էրմասնիստան) հայկական թաղամասը, ուր կը գտնուի հայոց Ս. Յովհաննէս եկեղեցին: Մուտքի դրան մօտ սրբազանը եւ դիմաւորուեցաւ Իրանի Մշակութային ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութեան պատասխանատուներուն եւ գլխաւոր ճարտարապետին կողմէ, որոնք լայն բացատրութիւններ տուին անցնող ամիսներուն ընթացքին կատարուած վերանորոգութիւններուն մասին: Խորանը, ներքին պատերը, առաստաղի գերաններն ու ծածկը, վերնատունն ու զանգակատունը, արտաքին պատերու հնաոճ յարդախառն ծեփն ու ջրահեռացման խողովակները հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուած էին: Վերանորոգուած ու մաքրազարդուած էին նաեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած հոգեւորական սպասաւորներուն շիրիմները:
Տրուած լուսաբանութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող նախկին հայկական դպրոցի տեսչարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում, կատարուած աշխատանքի վերարժեւորման ի խնդիր: Սրբազան հայրը, եկեղեցաշինութեան աւանդական ձեւերէն բխած օրէնքներու հիման վրայ՝ յատկապէս խորանի աղիւսահիւս իւրայատուկ առաստաղի մաքրման, դասի ցանկապատի ձեւին ու բարձրութեան, մկրտարանի վերարժեւորման եւ վերնատան ցանկապատին վերաբերեալ թելադրեց որոշ սրբագրութիւններ, որոնք շուտով պիտի ուղղուին, ամբողջացնելու համար վերանորոգման աշխատանքը: Ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան եւս, յանուն Ազգային վարչութեան, գործնական շարք մը առաջարկներ ներկայացուց, նաեւ նախապատրաստելով պետական պատասխանատուները, եկեղեցւոյ վերաբացման կարեւոր դէպքին: Սրբազան հայրը եկեղեցին վերաօծելու եւ պատկերազարդելու հիմնական ձեւերուն մասին լուսաբանեց ճարտարապետական խորհուրդը, նոյն ժամանակ անհրաժեշտ համարելով Իրանի մէջ ապրող նախկին մարաղահայերուն ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը՝ օծման հանդիսաւոր սոյն արարողութեան:
Մարաղացի հայասէր անուանի անձնաւորութիւններ, նախապէս կատարուած տնօրինումով, քաղաքի շքեղ ճաշասրահներէն մէկուն մէջ կէսօրուան ճաշով պատուեցին առաջնորդ սրբազանը եւ անոր ընկերակցողները:
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ