ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 23 Նոյեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանի հետ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տիկնաց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու եւ Դպրեվանքի բարեկամներու:
Դպրեվանքի Պօղոս վրդ. Թինքճեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւններէն մէկն է անհատական նուաճումներ հայութեան նուիրելը: Այս իմաստով, ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց լեռնագնացին կենսագրականը:
Լիբանան ծնած եւ պատերազմին պատճառով Ֆրանսա գաղթած Խաչատուրեան 40 տարեկանին կը նետուի մարզական աշխարհ եւ կը բարձրանայ Մոն Պլան եւ Արարատ լեռները: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ան կը նուաճէ աշխարհի բարձրագոյն գագաթը՝ Էվերեսթը:
Արա Խաչատուրեան խօսեցաւ իր լեռնագնացութեան արկածախնդրութիւններուն մասին, շեշտը դնելով դժուարութիւնները հաւատքով ու կամքով դիմագրաւելու հրամայականին վրայ: Ան երկու կարճ տեսանիւթեր ցուցադրեց 2016ին Էվերեսթ բարձրանալուն եւ 2018ին Մարսէյէն Հայաստան վազելուն մասին: Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լեռնագնացութեան ամէնէն խորհրդալից պահը հանդիսացած է երբ ինք՝ իբրեւ հայ, եռագոյնը բարձրացուցած է աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթին՝ Էվերեսթի վրայ, եւ որպէս քրիստոնեայ՝ Աստուածաշունչը: Ապա, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Աւարտին, կաթողիկոսը գնահատեց Խաչատուրեանի կորովը եւ յաջողութիւնները ու մատնանշեց երկու կարեւոր կէտեր՝ կամքի ու հաւատքի զօրութիւնը եւ աշխարհին ամէնէն բարձր գագաթին վրայ Աստուածաշունչի զետեղումը: Աստուածաշունչը լերան գագաթը Խաչատուրեանի զետեղելուն մասին կաթողիկոսը ըսաւ. «Զիս յուզեց Աստուածաշունչը Էվերեսթի գագաթին վրայ զետեղելը, եռագոյնի կողքին: Սա ունի իր խորունկ պատգամը…»:
Ապա, հայրապետը Արա Խաչատուրեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Աս շքանշանները ինչքա՞ն պիտի անցնենք դեռ: Աս երիտասարդը լաւ բաներ ըրեր է, լեռներուն գագաթները հասեր է, Ֆրանսայէ մինչեւ Հայաստան վազեր է. եթէ ասոնք մշակոյթային անանկ մեծ գործեր են, որ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանը պէտք է տանք, ըսելիք չիմնար: Մշակոյթային մեծ գործեր շատ ընող եղած է եւ մետալ չէ առած. հոս ալ խտրութիւն կըլլայ կարծեմ: Իմ կարծիքովս, երգչուհի Շերը շատ աւելի լաւ բաներ ըրեր Հայաստանին եւ մշակույթին իմաստով: Լսելովս, Օշականի լեռէն բողոքի ձայն կելլէ. կըսեն որ Մ. Մաշտոցին գերեզմանէն կուգայ այդ ձայնը