ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահին ներկայացուցին 2019ի պետական ամավարկի նախագիծը, որով եկամուտներու գծով ծրագրուած է 112 միլիառ 300 միլիոն դրամ գումար, իսկ ծախսերու գծով՝ շուրջ 111 միլիառ դրամ:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին 12 Նոյեմբերին նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութենէն ետք ըսաւ ելեւմուտքի նախարար Արթուր Յարութիւնեան:
Ան նշեց, որ ամավարկի եկամուտներու գերազանցումը ծախսերու նկատմամբ կազմած է 1.3 միլիառ դրամ, որ աննախադէպ է Արցախի Հանրապետութեան համար:
«Ծախսերու գծով յաւելումներ ունինք հիմնականօրէն ընդհանուր ներդրումներու մասով՝ շուրջ 1.6 միլիառ դրամ, առողջապահութեան ոլորտին մէջ՝ շուրջ 770 միլիոն դրամ եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ՝ 480 միլիոն:
Գլխաւոր ներդրումներու մասով հիմնականօրէն ծախսերը պիտի ուղղուին տնտեսական զարգացման եւ շարք մը ընկերային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու շինարարական ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ», յայտնեց Ա. Յարութիւնեան: