ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը «Armenian Army» անունով համազգեստներ պիտի ստեղծէ։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ 12 Նոյեմբերին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան: «Զանազան երկիրներու զինուած ուժերը ունին իրենց զինուորական ապրանքանիշը: Այն համազգեստը, զոր ես կը կրեմ դիրքեր այցելելու ընթացքին Զինուած ուժերու պաշտօնական համազգեստը չէ։ Որովհետեւ ես քաղաքացիական պաշտօնեայ եմ, կը կարծեմ, որ պէտք չէ զինուած ուժերու համազգեստը կրեմ։ Մենք այդպիսի ապրանքանիշ մշակած ենք, որպէսզի գովազդենք բանակը», ըսաւ Տօնոյեան:
Նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ այդ ապրանքանիշի հագուստները պիտի կարուին Հայաստանի մէջ:
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի իրավիճակին մասին՝ նախարարը յայտնեց, թէ Նախիջեւանի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարածքներ չեն գրաւած։ «Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ոչ մէկ տարածք գրաւած են: Անիկա եղած է միջդիրքային տարածութիւն, որ կրճատուած է, եւ Նախիջեւանի Հանրապետութեան տարածքին, ուր Հայաստանի զինուած ուժերը երբեք վերահսկողութիւն չեն իրականացուցած», նշեց Տօնոյեան:
Ըստ Տօնոյեանի՝ հայկական կողմը ատոր հետեւանքները չէզոքացնելու համար համապատասխան գործողութիւններ իրականացուցած է:
Հարցումին՝ թէ արդեօք հայկական կողմը այդ ուղղութեամբ ունի դիրքային բարելաւումներ՝ նախարարը պատասխանեց՝ «Այո, եւ ոչ՝ մէկ տեղ, ոչ պարտադիր Հայաստանի տարածքին մէջ»։
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած կապին մասին ան յայտնեց, որ կապը կը գործէ անխափան. անոր համար նշանակուած են համապատասխան պաշտօնեաներ: «Գործող կապին համար նշանակուած են համապատասխան պաշտօնեաներ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ. կապը կ՛իրականացուի այդ պաշտօնեաներուն միջոցով: Տեղեկութիւնները այդ պաշտօնեաները կը ստանան զինուած ուժերէն: Մինչ այժմ այդ կապը կը գործէ անխափան», նշեց Տօնոյեան:
Ըստ Տօնոյեանի՝ հայկական կողմը կը բարձրաձայնէ նաեւ անմիջական հրամանատարներու միջեւ գործող կապի ստեղծման հարցը։
«Անմիջական հրամանատարներու գործող կապի ստեղծման հարցը մենք կը բարձրացնենք: Սա պատահարներու նուազեցման միջոց է: Համանախագահներուն մօտ կը բարձրացնենք այս հարցը», ըսաւ ան:
Տօնոյեան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրքերու կին զինծառայողները առաքելութիւն պիտի իրականացնեն Քոսովոյի մէջ։