ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը զոհուած եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու 55 ընտանիքներուն բնակարան գնելու նպատակով պիտի տրամադրէ 249 միլիոն 624 հազար դրամ:
Սոյն որոշում տրուած է կառավարութեան 8 Նոյեմբերի նիստին:
«Կը նախատեսուի զոհուած եւ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու ընտանիքներու ընկերային վիճակի բարելաւման ծրագիրներու իրականացման համար անհատոյց ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրել սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարան ձեռք բերելու նպատակով», կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան: