ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ինտիփենտընթ».- Հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած այն կոչերուն, թէ հրէական տաճարի մը վրայ եւ զինք քննադատողներուն դէմ պայթուցիկ ծրարներով կատարուած յարձակումներուն՝ պէտք է պատասխանատու քաղաքական գործիչի մը նման զսպէ ներգաղթողներու կամ իրեն ընդդիմացողներուն դէմ ատելավառ յայտարարութիւնները, Թրամփ Հոկտեմբեր 30ին դարձեալ «ներխուժում» որակեց ներգաղթողներու արշաւը դէպի Միացեալ Նահանգներ, գործածելով նոյն բացատրականը, զոր օգտոգործած էր հրէական տաճառին վրայ յարձակած մարդաասպանը։
Նոյն ժամանակ, Թրամփ նաեւ խոստացաւ «շատ աղուոր» վրանաքաղաքներ հաստատել սահմաններուն վրայ, հոն բանտարկելու համար Միացեալ Նահանգներէն ապաստանեալի իրաւունք ուզողները, մինչեւ անոնց դիմումներուն քննարկումը, որ կրնայ տարիներ տեւել։
Ան նաեւ մերժեց այն պնդումները, թէ վերոյիշեալ յարձակումները իր ազգայնամոլ կեցուածքներուն հետեւանքն են, պնդելով, որ պայթուցիկ ծրարներ ուղարկած անձը, որ Թրամփի նուիրեալ համակիր մըն է, պարզապէս «խելագար» է։
Հոկտմբեր 29ին, Թրամփ յայտարարած էր, թէ 5000 զինուորներ պիտի մեկնին հարաւային սահմանները, զանոնք ամրապնդլեու համար։ Անոր քննադատները կը յայտնեն, թէ Թրամփ կը փորձէ գաղթականներուն հարցը քաղաքականացնել, Նոյեմբեր 6ի ընտրութիւններուն հանրապետականներուն ի նպաստ քուէներ ապահովելու համար։
Յայտնենք, որ Կուաթեմալայի եւ Մեքսիքայի սահմանին վրայ Հոնտուրասէն գաղթական մը սպաննուած էր՝ Մեքսիքայի տարածք մուտք գործելու փորձին ընթացքին, կուաթեմալացի ոստիկանի մը արձակած ռետինէ փամփուշտի պատճառով: Նաեւ վիրաւորուած էին քանի մը կիներ, երեխաներ եւ Կուաթեմալայի ոստիկանութեան քանի մը անդամներ:
Մեքսիքայի իշխանութիւններուն վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Կեդրոնական Ամերիկայէն Մեքսիքայի տարածքով դէպի Միացեալ Նահանգներու սահման շարժող ներգաղթեալներու խումբէն մօտաւորապէս 1800ը ապաստան խնդրած է Մեքսիքայէն:
Միւս կողմէ, Թրամփ Հոկտեմբեր 29ին Ֆլորիտայի նահանգապետի պաշտօնին սեւամորթ թեկնածու Էնտրու Կիլըմը (դեմոկրատ) «աւազակ» որակեց, առանց որեւէ փաստ ներկայացնելու։ Կիլըմ, որ ներկայիս Թալահասիի քաղաքապետն է, «սուտ» որակեց այդ պնդումը՝ աւելցնելով, որ կը նախընտրէ անտեսել զինք եւ հետեւիլ իր մեծ մօր այն խրատին, թէ «խոզերու հետ պէտք չէ կռուիլ, որովհետեւ թէ՛ դուն կ՛աղտոտիս եւ թէ խոզը հաճոյք կ՛առնէ»։