– Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հոկտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան «Ռամշթայն» ռազմակայան հասցուց մեծ քանակութեամբ զէնքեր եւ զինամթերք: «ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը գրէ, թէ 1999էն ի վեր, ասիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ դէպի Եւրոպա կատարուած զինամթերքի մատակարարման մեծագոյն գործողութիւնը կը հանդիսանայ: Առաքուած զէնքերը նախատեսուած են «յարձակողական դերակատարներու կողմէ սպառնալիքներուն գործնական արձագանգի ապահովման համար»: «Ռամշթայն»ը ամերիկեան օդուժի արտասահմանեան մեծագոյն խարիսխը կը նկատուի:
– Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Մոսկուա Դամասկոսը տեղեակ պիտի պահէ Պոլսոյ մէջ գումարուած՝ Ռուսիա-Թուրքիա-Գերմանիա-Ֆրանսա վեհաժողովի արդիւնքներէն: