ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «ՍինէՔալչըր»ին նախաձեռնութեանբ եւ Հայագիտական ծրագիրին համագործակցութեամբ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, համալսարանի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (5010 N. Woodrow Ave.) տեղի պիտի ունենայ «Ռութց» ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրն է Երեւանէն՝ Լիլիթ Մարտիրոսեան, որ ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք պիտի պատասխանէ հանդիսատեսներու հարցումներուն։
Բեմադրիչ Վահէ Եանի այս ֆիլմը պատմութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Հայաստան այցելող պոսթընահայ լրագրող Արամին, որ դիպուածով կը հանդիպի Ֆրանսայէն Երեւան այցելող Վանէին, յառաջացնելով սիրոյ կայծեր, ինչպէս նաեւ անոնց հայկական ինքնութեան եւ առիթներ ստեղծելով հայրենիքի հետ անոնց կապին շուրջ հետաքրքրական խորհրդածութիւններու։ Հայերէնով եւ անգլերէնով պատրաստուած ֆիլմը ունի անգլերէն ենթախորագիրներ։
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ են եւ համալսարանին մօտակայ կանգառները այդ ժամերուն կարելի է ձրիաբար օգտագործել։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: