ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 26ին, Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեան ընդունեց չինական «ICBI Nanjing» դրամատան նախագահ Եան Ժիհանը:
Հանդիպման ընթացքին նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց ուժանիւթի ոլորտի իրաւական դաշտը եւ կարգաւորումները:
Եան Ժիհան նշեց, որ դրամատունը հետաքրքրուած է Հայաստանի վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ներդրումային ծրագիրներով, յատկապէս՝ արեւային վահանակներու արտադրութիւն հիմնելու հեռանկարով: