For the fourth year, Adventist Health Glendale and Adventist Health White Memorial partner with Armenia Fund for Compassion in Action – Mission Armenia, a medical mission from Sept. 22 through Oct. 5 that delivered critical care, life-saving surgeries and medical expertise.
This year’s mission was made possible by donors and Mr. Hacop Baghdassarian, a Glendale resident, who with his wife Hilda and their family dedicated their life to improving Armenia. The Adventist Health mission team was united with a mutual goal – to help lives flourish in Armenia through his legacy!
Այս տարուան առաքելութիւնը իրականացաւ շնորհիւ նուիրատուներու եւ Կլենտէյլ բնակող պրն. Յակոբ Պաղտասարեանի, որ իր կնոջ Հիլտայի եւ իր ընտանիքին հետ իր կեանքը նուիրեց Հայաստանը բարելաւելու աշխատանքին:
«Ըտվենթիսթ Հելթ»ի առաքելութեան խումբը միացած էր միասնական նպատակով՝ իր թողած կտակին միջոցաւ Հայաստանի մէջ կեանքեր ծաղկեցնել:
Տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ լեցուցած էին Նոյեմբերեանի եւ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնի միջանցքները: Անոնց մէջ էր «անիուրիզմ»է (ուղեղի երակի ծաւալումէ) տառապող 48 տարեկան մարդ մը: Անոր՝ զինուրական տարազ հագած կինը, մտահոգ՝ սեղմեց իր ամուսինին ձեռքը: Առանց շտապ բուժումի ան կրնար մահանալ:
Ալիս Իսէյ՝ «Ըտվենթիսթ Հելթ Կլենտէյլ»ի նախագահը, մէկը՝ Լոս Անճելըսի քոյր հիւնադանոցներէ 60 կամաւոր բժշկական առաքելութիւն իրականացնողներէն, կը յիշէ այդ պահը. «Ան կը կարծէր, թէ միակ տարբերակը Ս. Փեթերսպուրկ, Ռուսիա, երթալն է: Անոր հրաշք թուեցաւ, երբ յաջողեցանք բուժել զինք»:
Արցախի մէջ, Հայաստան ծնած AHGL միջամտական ջղաբան տոքթ. Միքայէլ Գրիգորեան եւ հոգատար բժիշկներ աշխատեցան կողք-կողքի եւ փրկեցին մարդուն կեանքը: «Աչքիս առաջ ես տեսայ Աստուծոյ գործը: Իբրեւ խումբ՝ աշխատեցանք մեր հիւանդանոցին՝ Կենդանի Աստուծոյ սիրոյ առաքելութիւնը յառաջ տանելու, եւ Հայաստանին ներշնչելով առողջութիւն, կատարելութիւն եւ յոյս…», յայտնեց Իսէյ:
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ԻՄԱՍՏԸ
«Ըտվենթիսթ Հելթ Կլենտէյլ»էն եւ «Ըտվենթիսթ Հելթ Ուայթ Մեմորիըլ»էն առաքելութիւն իրականացնողներու խումբը առաքելութիւնը համարեց առիթ մը՝ տրամադրելու յարաճուն հոգատարութիւն: Անոնք նաեւ կը հաւատան, որ Սփիւռքի համար պարտականութիւն է օգնել՝ ստեղծելու աւել լաւ Հայաստան մը… եւ օգնել հայերուն՝ յաղթահարելու իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրնեը՝ իբրեւ ազգ:
«Մենք օգնեցինք դնելու առողջապահութեան հիմքը՝ կանքի տեւողութիւնը բարձրացնելու նպատակով», յայտնեց «Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ըտվենթիսթ Հելթ»ի շրջանային բժշկական պատասխանատու տոքթ. Արպի Նահապետեան՝ աւելցնելով. «Յարատեւ կայունութիւն հաստատելու նպատակով, մենք դաստիարակեցինք եւ պատրաստեցինք տեղւոյն բժիշկներն ու հիւանդապահները, որպէսզի անոնք կարենան նոյն հոգատարութիւնը տալ յարաճուն թիւով հիւանդներ ունենալու պարագաներուն: Ասիկա շատ կարեւոր է Հայաստանի զարգացման, ապագայի ապահովութեան եւ աճին համար»:
«ՄԵՆՔ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԲԵՐԻՆՔ»
Տարեց տղամարդ մը ախտաճանաչուած էր սիրտի լուրջ հիւանդութեամբ: Ապրելու անոր միակ առիթը Երեւանի մէջ (Արցախէն ինքնաշարժով հինգ ժամ հեռաւորութեամբ) սիրտի վիրահատութիւնն էր, որ անհանդուրժելիօրէն պիտի արժէր 30,000 տոլար: «Մենք իրմէ վերցուցինք այդ բեռը», յայտնեց Իսէյ: «Ըտվենթիսթ Հելթ Կլենտէյլ»ը եւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը ծախսերը հոգացին:
«Մենք փոփոխութիւն մը բերինք մէկու մը կեանքին մէջ, այդ է կարեւորը», աւելցուց Ալիս Իսէյ:
Երկու կարճ շաբաթներու ընթացքին խումբը իրականցուց 835 վիրահատութիւններ եւ գործողութիւններ, ներառեալ՝ ընդհանուր եւ անօթային վիրահատութիւններ, ծունկի վերազետեղում եւ յօդազննում, ակնաբուժութեան եւ քաթարաքթի վիրահատութիւններ, կնաբանական հարցեր եւ արգանդահատութիւններ, մարմնուղակ յօդերու սրսկումներ, ներադիտութիւններ եւ քոլոնոսքոփիներ, տայալիսիս եւ սրտաբանական հարցերու տարրալուծարանի «քաթ» պարագաներ, կնախտաբանութեան եւ մանկաբուժական հարցերու հիւանդներ: 2240 այլ զննումներ եւ այցելութիւններ ներառեցին նախնական հոգատարութիւն, ուռուցաբանութիւն, կնախտաբանութեան եւ մանկատածական հարցերու հիւանդներ՝ ձրի դեղագիրներով: Արցախի մէջ, բժիշկներ եւ հիւանդապահներ շրջայցեր կատարեցին 655 հիւանդներու ICU-ի, բժշկական կեդրոններու եւ հեռաւոր գիւղերու մէջ:
Իւրաքանչիւր հիւանդ պատմութեամբ մը եկաւ, եւ մտահոգութիւնները ճգնաժամային էին: «Սրտաճմլիկ են առողջական հարցերը, որոնցմով կապրին կիները: Մենք մեր կարելին ըրինք անոնց օգնելու համար», յայտնեց AGLH-ի գործառնութեան զարգացման գործադիր պատասխանատու Ռամելլա Մարգարեան:
«Ըտվենթիսթ Հելթ Ուայթ Մեմորիըլ»էն մանկաբարձութեան եւ կնաբանութեան մասնագէտ բժիշկ տոքթ. Լորընս Սփենսըր-Սմիթ կատարեց զանազան վիրահատութիւններ եւ փոփոխութիւն բերաւ մարդոց կեանքին մէջ: «Իր բուժիչ ձեռքերով, ան վերջ տուաւ չարչարանքներուն կիներու, որոնք կը տառապէին՝ ապրելով արգանդային կապի եւ միզապարկի արտանկումով ու կնախտբանական խանգարումներով, որոնք դիւրին կերպով կը բուժուին Միացեալ Նահանգներու մէջ», աւելցուց Մարգարեան:
ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՅՍ
«Հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս երախտագիտութիւն յայտնեց: Անիկա տեղի ունեցաւ լիառատ արցունքով, ողջագուրումով եւ հիւրասիրութեամբ: Առողջապահութեան նախարար պրն. Արսէն Թորոսեանի հետ յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին սկսաւ բարձր մակարդակի կարեւոր զրոյց մը: Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպելու կարելիութիւնը կը բացայայտէ անոնց՝ աւելի լաւ Հայաստան մը ստեղծելու նպատակով՝ առաքելութիւն իրականացնողներուն նկատմամբ ե-րախտագիտութիւնը», ըսաւ Նահապետեան:
Առաքելութիւնը եզրափակուեցաւ բուժումովը առաւել քան 300 հիւանդներու՝ Արցախի Հարաւ, Շուշի եւ Կրասնի գիւղերէն: Առաքելութեան՝ առանց ընդհատումի գործունէութիւնը կ՛ընդ-գրկէր զատումի տարածք մը, գիւղացիներուն համար տարրական բժշկական զննում, տեղեկատուութիւն եւ ձրի դեղեր:
Պաղտասարեան ընտանիքին նկատմամբ երախտապարտութեան յատուկ արտայայտութիւն ցուցաբերուեցաւ Կրասնիի մէջ, ուր համայնքի կեդրոնի մը կառուցումը իրականութիւն դարձած էր՝ շնորհիւ Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեաններու առատաձեռնութեան: