ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուիլեըմ Սարոյեանի երբեք բեմ չհանուած եւ չհրատարակուած թատրերգութիւններէն տեսարաններ, որոնք առաջին անգամ Սեպտեմբեր 15ին բեմականացուեցան Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, վերջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ:
Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնին հովանաւորութեամբ եւ համահովանաւորութեամբ համալսարանին Մերձաւոր Արեւելքի ուսմանց կեդրոնին, ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Շէօնպըրկ Հոլ»ի «Փափըր» թատերասրահին մէջ (445 Charles E. Young Drive East, Los Angeles, CA 90095), որուն ամենամօտիկ կանգառը թիւ 2ն է։
Մուտքը ազատ է. կը յանձնարարուի կանուխ ժամանել, տեղ ապահովելու համար:
Յիշեցնենք, որ ներկայացումները կրկնուած էին Ֆրեզնոյի (Քալիֆորիոյ համալսարանի կեդրոնի սրահ), Օրենճ Քաունթիի (Քալիֆորիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղ) մէջ եւ Միշըն Հիլզի («Արարատ-Էսքիճեան» թանգարան) մէջ:
Սարոյեանի 110րդ տարեդարձին առիթով, մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեան համադրած է «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին այս ներկայացումները, որոնք բեմ կը բարձրանան իր բեմադրութեամբ: Գույումճեան յատուկ արտօնութիւն ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն, հոն պահուող Սարոյեանի անտիպ թատրերգութիւնները ուսումնասիրելու եւ նշեալ ներկայացման համար օգտագործելու համար: Ներկայացուելիք տեսարանները առնուած են «Հայկական Թատրերգութիւն (Կամ Օփերա)», «Դէպի Տուն՝ Հայաստան», «Ուզենք Չուզենք Հայ Ենք» եւ այլ թատրերգութիւններէ եւ կ՛առընչուին ներգաղթողներու դիմագրաւած հարցերուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ հայրենիք վերահաստատուելու կարելիութիւններուն:
Չորս դերակատարներ՝ Ճէյտ Հայքուշ, Ուիլ Մէյզըլ, Պէյլի Սրել եւ Ռապըրթ Ուոլթըրզ մօտաւորապէս 30 դերեր պիտի ստանձնեն 75 վայրկեաննոց ներկայացման ընթացքին: