Լիբանան կատարած եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Կիրակի յետմիջօրէին, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանի եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ներկայութեամբ, Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Վիգէն Աւագեան եւ Ճորճ Սապունճեան:
Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը ողջունեց նախարար Հայրապետեանի անդրանիկ այցելութիւնը Լիբանան եւ անգամ մը եւս հաստատեց կուսակցութեան զօրակցութիւնը՝ թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան, յուսալով, որ վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ ընթացք առած բարեփոխումները կը յանգին աւելի արդար, ժողովրդավար եւ հզօր Հայաստանի մը կերտման:
Պատուիրակութիւնը շեշտեց նաեւ լիբանանահայութեան դերն ու կարեւորութիւնը՝ Լիբանան-Հայաստան կապերու զարգացման մէջ, իբրեւ երկու երկիրները իրարու կամրջող կարեւոր ազդակ:
Իր կարգին, նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր ուրախութիւնը յայտնեց լիբանանահայութիւնը մօտէն ծանօթանալու առիթին ներկայացման համար եւ գնահատեց կուսակցութեան տեւական ճիգերը՝ համայնքը ամուր եւ կազմակերպ պահելու, Հայաստանով շնչաւորելու համար: Նախարարը նաեւ ծանօթացաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներու կարիքներուն եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման անմիջական կարելիութիւններուն: