ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Պրենտ» գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, թուղթի վրայ կամ թուղթով ստեղծագործութեանց տարեկան ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 8ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 26։ Անոր կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու տարածքէն արուեստագէտներ։
Գրադարանին հասցէն է՝ 1601 W. Mountain St. Glendale, CA 91201։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-2051 թիւին կամ այցելել www.brandlibrary.org կայքը։