Կիրակի, 23 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի կրթական եւ մշակութային կառոյցներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտ-չեան: «Մեզի համար ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ է Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հիւրընկալել Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, որ վերջերս ստանձնած է այս կարեւոր պաշտօնը: Սփիւռքի նախարարի առաջին այցելութիւնն է Լիբանան եւ առաջին անմիջական ծանօթութիւնը Լիբանանի հայ համայնքի անդամներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ, բայց վստահ ենք , որ այցելութիւնները գալիքին աւելի յաճախակի կ՛ըլլան եւ առարկայական», ըսաւ դեսպան Մկրտ-չեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ ըսաւ. «Ուրախ եմ ձեզ տեսնելու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ. Սեպտեմբեր 20ին ես աշխատանքային այցելութեամբ ժամանեցի Սուրիա՝ Սեպտեմբեր 21ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27րդ տարեդարձը Հալէպի մէջ հալէպահայութեան հետ տօնելու նպատակով: Հասկնալի պատճառներով 2011 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող ոեւէ պաշտօնեայ չէր եղած Հալէպ: Ուրեմն սփիւռքի նախարարը կոտրեց սառոյցը եւ յաջողութեամբ այցելեց Հալէպ ու չափազանց կարեւոր տօնը նշեց հալէպահայութեան հետ միասին: Յաջորդ օրը ես ժամանեցի Հայկական Սփիւռքի մայր գաղութներէն մէկը՝ Լիբանան, ցաւօք սրտի երկօրեայ այցելութեամբ, որովհետեւ վաղը պաշտօնական այցելութեամբ պէտք է մեկնիմ Եգիպտոս»: Ան նշեց, որ այցելութիւնը չափազանց կարճ էր՝ թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Լիբանանի մէջ հասկնալու հարցերը, համայնքային գործիչներու հետ ծանօթանալու, ուղղակի ներկայացուցիչներու հետ շփուելու համար, սակայն առաջին քայլը արդէն առնուած է: Ան նշեց, թէ եկած է ծանօթանալու, պատկերացումներով կիսուելու, կարիքները լսելու, որովհետեւ համայնքի կարիքներուն հիման վրայ պիտի մշակուին քաղաքականութիւնները եւ ռազմավարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապի առողջացման, կապի ամրապնդման համար: Ան յայտնեց, որ այցելութիւնները եւ հանդիպումները յաճախակի պիտի ըլլան: