«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայաստանի մէջ նոր կացութիւն ստեղծուած է՝ յոյս ու լաւատեսութիւն ներշնչելով գրեթէ ամբողջական բարոյալքման եզրին հասած հայրենի բնակչութեան:
Յոյսն ու լաւատեսութիւնը կը բաժնենք նաեւ մե՛նք՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնս, մեր բոլոր հոսանքներով, կազմակերպուած միաւորներով թէ անկազմակերպ հաւաքականութիւններով:
Հայաստանի ժողովուրդը իր աշխատանքով, իր վճարած հարկերով, իր նախաձեռնութիւններով ու քաղաքացիական իր այլ կարեւոր պարտաւորութիւններով՝ յոյսն ու լաւատեսութիւնը կենսագործելու լծուած է:
Ետդարձ չկա՛յ՝ կ՛ըսենք բոլորս: Սակայն, չենք կրնար անտեսել նաեւ նորը իբրեւ վտանգ տեսնողներու, թալանի ու կողոպուտի բարիքները չկորսնցնելու, դատական հետապնդումներու մղձաւանջով ապրողներու յայտնի թէ թաքուն ճիգերը՝ միտուած ձախողեցնելու նորին ամրապնդումը եւ գետին պատրաստելու նախկինին վերադարձին:
Ետդարձի բացառումը կախեալ կը մնայ բոլորի՛ս աշխատանքէն, մասնակցութենէն: Յեղափոխութեան առաջին օրերու ակնյայտ խանդավառութիւնը այսօր այնքան ալ տեսանելի չի թուիր ըլլալ: Մեր համայնքային կեանքը կ՛ընթանայ նախայեղափոխական անխռով կշռոյթով, միութենական սովորական առօրեայով: Միութիւններէն դուրս կանգնած համրանքին գոնէ մէկ մասը, որ ոգեւորութեամբ ողջունեց յեղափոխութիւնը, այսօր հանրային աչքին անտեսանելի՛ է: Չենք բացառեր, անշուշտ, որ շատեր, առանձինն կամ փոքր խումբերով, որոշ աշխատանքներ կը տանին, սակայն անցնող վեց ամիսներուն նկատելի արդիւնքներ չեն արձանագրուած:
Այս համընդհանուր կրաւորականութեան պատասխանատուութիւնը պէտք է վերցնենք բոլո՛րս: Նոր Հայաստանի վերելքին համար զօրակցական յայտարարութիւնները բաւարար չեն, ու եթէ անոնք գործի չվերածուին, ապա կրնան նոյնիսկ ծաղրանքի ենթարկուիլ մեր հայրենակիցներուն կողմէ: Այդ ծաղրանքին արժանի կ՛ըլլանք, եթէ չկարենանք որակական փոփոխութեան ենթարկել մեր գործելակերպը, մեր կազմակերպուածութիւնը: Դժբախտութիւնը այն է, որ նման հիմնական փոփոխութեան նշաններ, նոյնիսկ խմորումներ, տակաւին չեն նկատուիր, եւ ժամանակին հետ միայն աւելի ու աւելի պիտի դժուարանայ անցեալի սովորամոլութիւններէն ձերբազատուիլը:
Հայաստանի ժողովուրդը իր քայլը առած է եւ այդ քայլով՝ արդէն իսկ մեզ եւս շարժեցնելու իր ներդրումը բերած: Մենք ալ այժմ մեր խնդիրը պէտք է դարձնենք ծրագրուած ու հետեւողական գործերով իրեն հետ քայլ պահելը: