«Հայ ֆեստ» միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի պիտի հիւրընկալէ 22 երկիրներէ ժամանած առաւել քան 250 մասնակիցներ եւ հիւրեր Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն, Զուիցերիայէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ: Երեւանեան 13 բեմահարթակի վրայ պիտի ներկայացուին 40 թատերախաղեր։
16րդ «Հայ ֆեստ»ը տեղի պիտի ունենայ 28 Սեպտեմբերէն 5 Հոկտեմբեր: Անիկա կը կրէ «Հայ ֆեստ՝ անցում դէպի թատերաշխարհ» խորագիրը:
«Փառատօնը պիտի սկսի Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական ուսումնարանի ուսումնական թատրոնին մէջ՝ լեհական-պրազիլական-հայկական-վրացական համատեղ նախագիծով: Փառատօնի առաջին երեք օրերը պիտի իրականացուի լեհական ժամանակակից պարի հարթակ, այսինքն՝ ամէն օր պիտի ցուցադրուի մէկ ներկայացում: 1 Հոկտեմբերէն սկսեալ, ամէն օր պիտի ներկայացուի 8 բեմադրութիւն, պիտի ըլլան խորհրդաժողովներ, վարպետութեան դասեր», 25 Սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին բացատրեց փառատօնի նախագահ Արթուր Ղուկասեան:
Թատերասէրները կարելիութիւնը պիտի ունենան դիտելու դրամատիկական, երաժշտական, պարային, մենաներկայացումներ, տիկնիկային, ֆիզիքական, շարժման, կրկէսային, մանկական եւ բացօթեայ բեմադրութիւններ:
Ըստ Ղուկասեանի՝ փառատօնի նշանաւոր ներկայացումներէն են Գերմանիոյ «Ֆապրիս Մակլիահ» ընկերութեան «Մամացցա» պարային գործը եւ Ս. Փեթերսպուրկի երաժշտական կատակերգական թատրոնի «Պրոտուէյի Հիթեր»ը:
Փառատօնին հիմնական ծրագիրները պիտի ներկայացուին Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային «Միհր» թատրոններուն մէջ:
16րդ «Հայ ֆեստ»ը կ՛առանձնանայ հասարակական ներկայացումներով, որոնք միտուած են յետ-յեղափոխական կատարողական արուեստի խրախուսման: Հիմնական ծրագիրէն դուրս, փառատօնի ընթացքին պիտի իրականացուին վարպետութեան դասեր, կլոր սեղաններ եւ հանդիպում-քննարկումներ:
Փառատօնի ծիրին մէջ, ամէն տարի կը կազմակերպուին յատուկ ծրագիրներ: Այս անգամ անոնք երկուքն են՝ «Եւրոպան փառատօներու համար, եւ փառատօնները՝ Եւրոպայի» եւ «Պարարուեստի արեւելեան ընկերակցութիւն»:
Փառատօնը կ՛իրականացուի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Նշենք, որ «Հայ ֆեստ» միջազգային թատերական փառատօնը առաջին անգամ 2003ին իրականացաւ: 2006էն ի վեր անիկա կը համարուի թատերական գլխաւոր փառատօնը նախկին ԽՍՀՄ տարածքին մէջ (բացառութեամբ՝ Մոսկուայի):