«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Քաղաքական գործիչի մը կամ շարժումի մը գնահատականը առարկայական երբե՛ք չի կրնար ըլլալ: Մանաւանդ մրցակից ուժերը շահագրգռուած չեն ըլլար դրական յատկանիշներ տեսնելու իրենց հակադրուած գործիչին մէջ: Ուրեմն, բնակա՛ն է, որ Հայաստանի վարչապետը՝ «Քաղաքական Պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավարը, եւ իր գործունէութիւնը փայլուն գովասանքներով չբնութագրուին քաղաքական միւս ուժերուն ու անոնց ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Աւելի՛ն, հասկնալի է, որ ուղղակի կամ անուղղակի սլաքներ պիտի արձակուին անոր՝ բացասական երանգներ վերագրելով իրեն:
Վերջերս, այլ վերագրումներու շարքին ամէնէն յաճախակի օգտագործուածը՝ Փաշինեանի միապետական նկրտումներու ամբաստանութիւններն են, որոնք աւելի շեշտուեցան երեւանեան ընտրութիւններուն «Իմ Քայլ»ը դաշինքին ապահոված բացարձակ մեծամասնութեամբ:
Փաշինեանի հակադրուած կամ նոյնիսկ դաշնակից քաղաքական ուժերու կողմէ՝ դէպի միապետական վարչակարգ ընթացքը մատնող որեւէ երեւոյթի, գործելակերպի կամ ոճի սուր քննադատութիւնը բնակա՛ն կը համարենք եւ կրնանք գնահատել իբրեւ զսպող ուժ՝ ընդհանրապէս իշխանութեան ուժի հմայքներէն շլացումը կանխելու տեսակէտէն: Այսուհանդերձ, այս կարեւոր հանգրուանին, այսօրուան ընդդիմադիր կամ հետագային ընդդիմութեան միանալու հակամէտ ուժերը պարտին զգոյշ մօտենալ՝ իրենց գնահատականներուն մէջ գլխաւորաբար խօսքի հաւաստիութիւնը չվարկաբեկելու մտահոգութեամբ:
Քաղաքական նոր միջավայր կայ Հայաստանի մէջ, ու երկրի բոլոր ուժերը հնարաւորութիւն ունին ազատօրէն աշխատելու, պայքարելու՝ իրենց հեղինակութիւնն ու ազդեցութեան շրջանակը ընդլայնելու համար: Որքա՛ն ճշգրիտ շարժին այս ուժերը, որքա՛ն ճշգրիտ գնահատեն քաղաքական վիճակն ու քաղաքական գործիչներու աշխատելաոճը՝ այնքա՛ն ազդեցիկ կ՛ըլլան անոնք ու այնքա՛ն աւելի երաշխաւորուած կ՛ըլլայ Հայաստանի ժողովրդավարութեան վերջնական յաղթանակը: