ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի աւելի քան 11 տարիներէ ի վեր: Վերջերս, Պոլսոյ 12րդ իրաւարար ատեանը մերժեց Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպաններուն կողմէ ներկայացուած՝ հարցաքննութիւններու թղթածրարը ընդլայնելու առաջարկը։
Այս մերժումով, դատավարութենէն զերծ մնացին Պոլսոյ նախկին ոստիկան զօրաց հրամանատար Եունալ Քարաօսմանօղլուն եւ ոստիկան զօրաց այլ 12 պաշտօնեաներ:
Հրանդ Տինքի ոճիրին հիմնական դատավարութիւնը կը շարունակուի Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանին մէջ, իսկ Տինքի ընտանիքի իրաւապաշտպանները կը պատրաստուին առարկելու 12րդ իրաւարար ատեանին վերոյիշեալ որոշումը:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը գրէ, թէ Սեպտեմբեր 24ի դատական նիստին ընթացքին հաղորդուած է, որ դատաւորներու կազմը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի։
Սեպտեմբեր 24ի նիստը կայացած է դարձեա՛լ դատաւոր Ալի Իհսան Հորասանի նախագահութեամբ, սակայն Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու խորհուրդը որոշած է Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը շարունակել նոր դատաւորի մը առաջնորդութեամբ։
Նաեւ, Սեպտեմբեր 24ին, դատարանին առջեւ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարած են «Հրանդ Տինքի ընկերները» անուան տակ հաւաքուող գործիչները, որոնց այս անգամ միացած է նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան գլ-խաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն Սեզկին Թանրըքուլու։ Ցոյցին ընթացքին յայտարարութիւն մը կատարած է Տինքի ընկերներէն Պիւլենտ Այտընը, պնդելով, որ այս անվերջանալի դատավարութեան ընթացքին տակաւին բազմաթիւ ամբաստանեալներ չեն ունկնդրուած ու հարցաքննուած։ Տինքի ընկերները եւս զօրակցած են Տինքի ընտանիքի այն պահանջին, թէ հարցաքննութիւններուն ծիրը պէտք է ընդարձակուի։