Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 25 Սեպտեմբերին, պիտի այցելէ Ատրպէյճան շատ պարզ նպատակով՝ յիշեցնելու, որ Ռուսիան առաջուան նման առաջատար դիրքերու վրայ է տարածաշրջանին մէջ. այս բանը պէտք է նկատի առնել: Այս մասին, ըստ «ՓանԱրմինիըն»ի՝ գրուած է BBC-ի «Փութին Պաքուի Մէջ. Մեծ Մտրակը Եւ Փոքր Քաղցրաբլիթը» յօդուածին մէջ:
Այնտեղ կը նշուի, որ Մոսկուայի դիրքերը տարածաշրջանին մէջ զգալիօրէն խախտած են, շարունակուող միջազգային պատժամիջոցներու եւ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառաւ:
Շատեր Ատրպէյճանի մէջ կը կարծեն, որ Ռուսիան խորտակուող «Թիթանիք»ն է: Այս մասին արտայայտած էր «Օքսֆորտ» համալսարանի տարածաշրջանի գծով փորձագէտ Լէյլա Ալիեւա: Սակայն, խորտակուող «Թիթանիք»ը մեծ առեւտրական ու տնտեսական գործընկեր է, որուն տեղը այսօր պատրաստ չեն զբաղցնելու Ատրպէյճանի աւանդական դաշնակիցները՝ Թուրքիան եւ Իրանը: Ուստի, Պաքուն, օրինակ, կը շարունակէ ռուսական զէնք գնել, կը գրէ պարբերականը:
«Ռուսիոյ մէջ ատրպէյճանական համայնքը պաշտօնապէս շուրջ կէս միլիոն կը հաշուէ: Ըստ Ռուիոյ Կեդրոնական դրամատան՝ ամէն տարի Ռուսիայէն Ատրպէյճան կը փոխանցուի 1.2 միլիառ տոլար: Եթէ զարգացումները անբարենպաստ ըլլան, Ռուսիա կրնայ կրկնել 2008ի վրացական բեմագրութիւնը՝ սկսելով արտաքսելու ատրպէյճանցիները:
Քրեմլինը նաեւ կրնայ որոշել, որ ժամանակն է սատարելու Ատրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններուն՝ քիւրտերուն, թալիշներուն, լեզգիներուն: Անոնց թիւը մեծ չէ, բայց անոնք գլխացաւ են Պաքուի համար:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ռուսիա Ատրպէյճանը ճնշելու նաեւ տնտեսական լծակներ ունի: Եւ, անկասկած, այս բոլորին կը գումարուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
«Ռուսիա կրնայ սկսիլ առաւել աշխոյժ կերպով սատարելու Հայաստանին՝ Ատրպէյճանի հանդէպ ճնշումը սաստկացնելու միջոցով, եւ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան հետ առաւել սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելով: Անշուշտ, ասիկա երկակի հետեւանքներ կրնայ ունենալ, որովհետեւ մինչ այժմ Ռուսիա հանդէս կու գար իբրեւ իւրօրինակ իրաւարար եւ զսպող գործօն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Զրկուիլ այդ կարգավիճակէն, կը նշանակէ հեղինակութիւնը հարուածի տակ դնել, նկատի ունենալով որ Ռուսիոյ համար ձեռնտու չէ Կովկասի մէջ տարածաշրջանային հակամարտութիւնը։
Մէկ կողմէ, Մոսկուան չի փափաքիր սրել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, միւս կողմէ, Քրեմլինը միշտ չէ, որ ինքզինք արդար կը պահէ: Խաղի ձեւով եզրակացութիւնները կրնան գերակշռել ռազմավարական նպատակայարմարութեան նկատառումները, ինչպէս արդէն բազմիցս պատահած է», կը գրէ թերթը:
Յօդուածինը մէջ նշուի, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի համար Երեւանի մէջ իշխանափոխութիւնը մտահոգութեան մեծ առիթ է, նաեւ այն պատճառով, որ Մոսկուան անոր չի միջամտեց:
«Փութին կրնայ աջակցութիւն խոստանալ Ալիեւին՝ ներքին ընդդիմութեան հետ պայքարին մէջ, թէեւ այս հարցով անոր իրական կորելիութիւնները սահմանափակ են, կը մնայ միայն հրասայլեր մտցնել Պաքու: Մոսկուա կրնայ նաեւ, իբրեւ միջնորդ, հանդէս գալ ատրպէյճանա-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ բարդ հարցերու լուծման գծով, սակայն, այստեղ ալ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը պէտք չէ գերագնահատել: Առ այդ, «Փութին մեծ մտրակ կը տանի Պաքու եւ փոքր քաղցրաբլիթ», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Նշենք, որ յայտարարուած էր, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի այցելէ Հայաստան. յստակ թուականը տակաւին յայտնի չէ: