ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան եւ փոխնախարար Արտակ Քամալեան 18-19 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցով կը գտնուէին Վրաստանի Հանրապետութիւն:
Այցելութեան առաջին օրը, նախարար Խաչատրեան առանձնազրոյց մը ունեցած է Վրաստանի շրջակայ միջավայրի եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Լեւան Դաւիթաշվիլիի հետ, այնուհետեւ յաջորդած է ընդլայնուած կազմով երկու երկիրներու պատուիրակութեանց հանդիպումը, որուն մասնակցած են ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Քամալեան, Վրաստանի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Կիորկի Խանիշվիլի եւ արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ մը: Լեւան Դաւիթաշվիլի ներկայացուցած է Վրաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման պետական օժանդակութեան ծրագիրները:
«Ասիկա իմ առաջին այցելութիւնն է Վրաստանի Հանրապետութիւն՝ իբրեւ նախարար, եւ պէտք է ըսեմ, որ հողագործութեան ոլորտին մէջ զգալի յառաջընթաց կայ հոս: Մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացած եմ նորութիւններուն եւ յոյս ունիմ, որ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կ՛ըլլայ շարունակական», իր կարգին ըսած է Արթուր Խաչատրեան՝ «Փալիթրա Նիուզ» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ, հայկական պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Ջիքարայի բազմամեայ մշակաբոյսերու ուսումնահետազօտական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ՝ Ծիլկանի գտնուող Իվանէ Սարիշվիլիի անուան Վերլուծական հետազօտութիւններու տարրալուծարանը, հետեւած խաղողի բերքահաւաքին եւ ծանօթացած վրացական խաղողի տեսակներուն՝ համտեսելով անուշաբոյր վրացական գինի: