ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 25 Սեպտեմբերին ընդունեց հանրածանօթ մշակութային գործիչներ Մարթին Վարդազարեանը, Երուանդ Երզնկեանը, Լեւոն Մալխասեանը եւ Աշոտ Առաքելեանը: Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ քննարկուեցան Արցախի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման վերաբերող զանազան հարցեր:
Նախագահը պահանջուած եւ օգտակար համարեց այսպիսի հանդիպումները՝ նշելով, որ անոնք կարելիութիւն կու տան բազմակողմանի եւ խոր պատկերացում կազմելու մշակոյթի ոլորտին մէջ տարբեր հարցերու լուծման ուղիներուն վերաբերեալ:
Բակօ Սահակեան երաժշտահան Մարթին Վարդազարեանին յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալը, իսկ արուեստագէտ Աշոտ Առաքելեանին՝ վաստակաւոր նկարիչի պատուաւոր կոչման վկայական, բարձր գնահատելով անոնց ներդրումը Արցախի մշակոյթի զարգացման գործին մէջ:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: