ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) գրասենեակը ներկայացուցած է «Հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. կազմակերպուած ատելութեան խօսքն ու թշնամութիւնը ընդդէմ հայերու» խորագրեալ յատուկ զեկոյցը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Արցախի մէջ հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան ըսած է, որ նշեալ զեկոյցը համապարփակ կերպով կը ներկայացնէ դէպքերն ու օրինակները՝ կապուած հայատեացութեան հետ:
«Այս զեկոյցը իւրայատուկ է անով, որ այստեղ հայատեացութեան օրինակները կը ներկայացուին իրաւական ծիրէն ներս: Ասիկա բացառապէս մարդու իրաւունքներուն վերաբերող խնդիր է. մենք ներկայացուցած ենք իրաւական գնահատականներ՝ անդրադառնալով հարցերուն՝ միջազգային իրաւունքի, պայմանագիրներու, նախադէպերու տեսանկիւնէն: Մեր գլխաւոր նպատակը Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան խնդիրները միջազգային հանրութեան ներկայացնելն է», ըսած է Ռուբէն Մելիքեան: Արցախի ՄԻՊը աւելցուցած է, որ այս գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւել քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկները, որպէսզի անոնք բաւական լաւ տեղեկացուած ըլլան խնդիրին մասին, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է ճշգրի՛տ տեղեկատուութիւն:
«Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, իր հերթին նշած է, որ փաստերը կը վկայեն, թէ Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը կազմակերպուած գործընթաց է. անիկա մէկօրեայ, մէկամսեայ դրսեւորում չ՛ունենանար, այլ շարունակական է:
«Կ՛ըլլան շրջաններ, երբ այդ խնդիրը կը սրի կամ կը նուազի, սակայն անիկա կ՛իրականացուի մնայուն կերպով՝ կազմակերպուա՛ծ: Պէտք է շարունակել նման ուսումնասիրութիւններ, հետեւիլ եւ բացայայտել հայատեաց քարոզչութեան աղբիւրները: Այսպիսի ուսումնասիրութիւններ պէտք չէ ըլլան ներքին սպառման համար: Մեր ազգը զգացած է հալածանք, կոտորած, ցեղասպանութիւն… ատիկա մեզի համար նորութիւն չէ՛: Պէտք է այնպէս կազմակերպել գործընթացը, որ միջազգային կազմակերպութիւնները տեղեկանան այն իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Ատրպէյճանի մէջ», յայտնած է Տուտագլեան:
Ատրպէյճանական հարցերով փորձագէտ Անժէլա Էլիբէգովա իր կարգին նշած է, որ Ատրպէյճանը անկախացումէն ետք որդեգրեց հայատեացութիւնը իբրեւ պաշտօնական քաղաքականութիւն:
«Առաջին դէմքի ամէն երկրորդ ելոյթին մէջ կը տեսնենք հայատեացութեան դրսեւորում. հայերը ատրպէյճանցիներուն համար թիւ մէ՛կ թշնամին են: Հասարակութիւնն ալ այդ թէզերը կ՛ընդունի: Նախարարներու, պատգամաւորներու մակարդակով նոյն հայատեացութեան թէզերը հետեւողաբար կը փոխանցուին հասարակութեան: Նոյնը կ՛ընէ փորձագիտական հանրութիւնը: Նոյնիսկ մանկական խաղերու, հեքիաթներու, դասագիրքերու միջոցով, երեխաներուն կը սորվեցնեն ատե՛լ հայերը: Ի դէպ, ատիկա կ՛ընեն ապատեղեկատուութեան միջոցով», ըսած է Էլիբէգովան:
Փորձագէտին խօսքով, այսօր Ատրպէյճանը չի պատրաստուիր խնդիրին լուծում տալու, եւ նոյնիսկ եթէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը սկսի փոխելու իր քաղաքականութիւնը, մաքրելու գիրքերը, մամուլը, ապա պէտք է մէկ, երկու սերունդ անցնի, որ թունաւորուած գիտակցութիւնը մարդոց մէջէն փարատի: Փորձագէտը, այնուամենայնիւ, այսօր նման միտումներ չի տեսներ:
«Ատրպէյճանի մէջ հանգիստ չեն ձգեր մարդիկ, որոնք ունին հայկական ազգանուններ, կը հետապնդեն այն մարդիկը, որոնք ունին հայկական արիւն: Երկրին մէջ իւրաքանչիւր բացասական երեւոյթ կը կապուի հայերուն հետ: Այս ամէնը կարելի է տեսնել՝ բանալով իւրաքանչիւր ատրպէյճանական կայք», աւելցուցած է Անժէլա Էլիբէգովան: