Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գրական միաւորին կազմակերպած բանավէճերու շարքին առաջինը տեղի պիտի ունենայ 28 Սեպտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ (Աստուածածին եկեղեցւոյ կից):
Միաւորս որոշեց ընտրել Սփիւռքը յուզող «Դասական ուղղագրութիւնը ընդդէմ աբեղեանական ուղղագրութեան» խնդիրը, որպէս առաջին բանավէճի նիւթ։
Բանավէճին կը մասնակցին համայնքի կարգ մը մտաւորականներ. Վաչէ Բրուտեան (հրապարակախօս, «Ասպարէզ» օրաթերթի նախկին խմբագիր), տոքթոր Արշակ Գազանճեան («Մասիս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր), Գրիշ Դաւթեան (բանաստեղծ), Սարօ Գէոդակեան («Համայնապատկեր» հանդէսի խմբագիր), Անահիտ Սուքիասեան (մանկավարժ եւ «Ասպարէզ» թերթի գրական բաժինի նախկին խմբագիր), Յակոբ Մկրտչեան (բանասէր) եւ Գառնիկ Սահակեան (բանասէր, Կլենտէյլ քոլեճի դասախօս)
Բոլոր մասնակիցներուն հետ անձնական թէ հեռաձայնային կապեր հաստատելէ ետք ճշդուեցաւ բանավէճին օրը՝ Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, որ կը զուգադիպի Մշակոյթի ամսուան նախորեակին:
Բանավէճը պիտի համադրէ գրական միաւորի ատենապետ Րաֆֆի Մելքոնեան: Միաւորս ի մտի ունի տալ որոշ հարցումներ, զորս յաջորդաբար պիտի ուղղէ մասնակիցներուն եւ պատրաստած է սահիկներով տեսանիւթի կտորներ (powerpoint), որոնք պիտի ծառայեն որպէս նախաբան իւրաքանչիւր հարցումի համար: Մասնակիցները հաւասար առիթ պիտի ունենան պատասխանելու ճշդուած ժամանակամիջոցին մէջ (ըստ հարցումի ծաւալին՝ 3էն 5 վայրկեան):
Առիթ պիտի տրուի նաեւ ներկաներուն, որպէսզի ամփոփ ձեւով հարցումներ ուղղեն մասնակիցներուն կամ միաւորին:
Հարցումներու համար, կապուիլ բջիջային հեռաձայնի հետեւեալ թիւերուն՝ 323-382-8627 կամ 650-224-3234, կամ ե-նամակի հասցէներուն՝ Raffi3057@earthlink.net կամ hamazkayinwr@gmail.com
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐ
Նախօրեակ, ո՛չ թէ՝ նախորեակ: ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐին վայել չէ:
Ապրի՛ս, Վռամ: