ԹԵՀՐԱՆ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգները եւ «Պարսից ծոցի երկիրներէն մէկը» մեղսակից են Իրանի Ահվազ քաղաքին մէջ զօրահանդէսի մը ընթացքին կատարուած ահաբեկչութեան:
Իրանի նախագահին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի շրջանին մէջ վարձկան զինեալներու եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ անոնց յանցագործութիւններուն իրականացման համար:
«Մեզի համար յստակ է, թէ ո՛վ ըրած է ատիկա, ո՛ր խմբաւորման կը պատկանի եւ որո՛ւն հետ կապ ունի», ըսած է Իրանի նախագահը:
Նշենք, որ Շաբաթ Սեպտեմբեր 22ին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան 29 զոհեր եւ 60 վիրաւորներ:
Ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ «Ահվազի ազատագրութեան արաբական պայքարի շարժում» անունով խմբաւորումը, որ կապեր ունի Սէուտական Արաբիոյ հետ:
Շաբաթ օր զօրահանդէսներ տեղի ունեցած էին նաեւ Իրանի շարք մը այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Այդ զօրահանդէսները նուիրուած էին 1980-1988 թուականներուն տեղի ունեցած Իրան-Իրաք պատերազմի զոհերու յիշատակին։