ԵՐԵՒԱՆ.- Իր պաշտօնավարման 100 օրերը ամփոփող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան յայտարարած է, որ եթէ գիւղացիները միանան ու հողերը ընդարձակեն՝ ըլլայ ատիկա համագործակցական գիւղացիական միութեան ձեւով կամ այլապէս, ապա նախարարութիւնը կրնայ այդ տնտեսութիւնները օժտել ոռոգման կաթիլային ցանցով:
Ըստ նախարարին՝ ոռոգման կաթիլային նոր համակարգերու շնորհիւ ջուրի անտեղի կորուստներ չեն ըլլար, եւ կը բարձրանայ բերքատուութիւնը, հետեւաբար նաեւ՝ սեփականատիրոջ եկամուտը:
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ այս օրերուն վարչապետին հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է վարելահողերու նպատակային օգտագործման մակարդակի բարձրացման վերաբերող ծրագիրը, որ արժանացած է կառավարութեան ղեկավարի համաձայնութեան: Նախատեսուած է սոյն ծրագիրը իրականացնել այս տարուան աշնանացանի շրջանին եւ անոր նպատակն է վարելահողերու նպատակայարմար օգտագործումը, հացահատիկային ապահովուածութեան մակարդակի բարձրացումը եւ տարածքային անհամամասնութիւններու նուազումը: Նախագիծով կ՛առաջարկուի նաեւ ուղղակի աջակցութիւն տրամադրել գիւղացիական տնտեսութիւններուն:
Նախարար Խաչատրեան նաեւ նշած է, որ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Վրաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն միջեւ, որպէսզի որոշ զեղչեր ապահովուին Վրաստանէն երկաթուղային ճամբով հացահատիկը Հայաստան տեղափոխելու համար: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ բեռնատարերով ցորեն տեղափոխելու սահմանափակումներուն պատճառով արդեօք ցորենը եւ ալիւրը կը սղի՞ն՝ նախարար Խաչատրեան դիտել տուած է, որ ծայրայեղ պարագային՝ գինի որոշ յաւելում կրնայ արձանագրուիլ, սակայն աշխատանք կը տարուի այս յաւելումին առաջքը առնելու համար:
Լրագրող մը հարց տուած է, թէ Հայաստանը հացահատիկի ինքնաբաւ երկիր դարձնելու ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի՞ արդեօք:
«Մեր առջեւ Հայաստանը հացահատիկի ինքնաբաւ երկիր դարձնելու խնդիր չէ դրուած. մենք պէտք է աշխատինք, որ մարդիկ ցանեն այնպիսի մշակաբոյսեր, որոնք իրենց եկամուտը կ՛աւելցնեն: Մեր խնդիրն է մարդոց օգնել՝ ցած արժէք ունեցող բոյսերու մշակումէն անցնելու դէպի բարձր արժէքներու մշակման, որպէսզի անոնք կարենան աւելի լաւորակ բերք եւ բարձր եկամուտ ունենալ», ընդգծեց նախարար Խաչատրեան:
Նախարարին համաձայն՝ ցորենի աւելի բերքատու տեսակներ ցանելու ու այսօր չօգտագործուող հողատարածքներուն մէջ եւս ցորեն ցանելու պարագային կարելի է հասնիլ փափաքելի արդիւնքին: