ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 1 Սեպտեմբերի առաւօտեան, ատրպէյճանական բանակի զինեալներու խումբ մը, Պարտա-Աղտամ ուղղութեամբ սահմանահատուածը քալելով՝ անցնելու «նախաձեռնութեան» դիմած է, սակայն կարելի եղած է կասեցնել անոր փորձը:
«Սադրանքը կանխուեցաւ ինքնին իրենց կողմէ, որոնք նախաձեռնած էին այս յիմարութեան: Կատարուածէն կարելի է եզրակացնել, որ, ի զարմանս մեզի, բանականութիւնը աւելի ուժեղ գտնուեցաւ, քան՝ մարդիկը մոլորութեան մղած զգացականութիւնը: Հակառակ պարագային, ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կրնար յայտնուիլ աննախանձելի վիճակի մէջ», գրած է Հասրաթեան: