ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման ձգտող բոլոր աշխատանքներուն եւ նոյն այդ աշխատանքներուն նուիրուած Արցախի նախագահին: Կաթողիկոսը շեշտեց, թէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդումը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանի ու ազգային պահանջատիրութեան համար: Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու աչալրջութեամբ անհրաժեշտ է հետեւիլ Արցախին ու ընդհանրապէս շրջանին առնչուած քաղաքական, զինուորական ու տնտեսական զարգացումներուն: