ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոսին Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ հանդիպեցան դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին ամիսներու Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն եւ ժողովրդավարական ու ընտրական գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի հարցերուն: