ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 14 Յունիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի, որ այս առիթով Ազգ. առաջնորդարանին նուիրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն հրատարակուած ու շրջանառութեան մէջ չդրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը։ Ան նոյն հաւաքածոյէն նուիրած է նաեւ Հայաստանի ու մեր գաղութի կարգ մը կազմակերպութիւններու։
Նկատի ունենալով, որ Արմէնեան նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի անդամ է, առաջնորդ սրբազանն ու Արմէնեան քննարկեցին ծխական շրջանի ծրագիրները եւ արժեւորեցին նախորդ շաբաթ կայացած՝ նոյն եկեղեցւոյ օծման 5րդ տարեդարձի տօնակատարութեան արդիւնքը։
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէնեանին իր արժէքաւոր նուէրին համար, անոր մաղթելով բեղուն ծառայութիւն եկեղեցւոյ ու ազգի անդաստաններուն մէջ։