բթի, 8 Մայիս 2018ին, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի 10րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին ասմունքի երաժշտական երեկոյ մը՝ նուիրուած հայկական միջնադարեան եւ գեղապաշտ շր-ջանի ստեղծագործութիւններու:
Երեկոն կոչուած էր՝ «Պտոյտ Մը Հայկական Քնարերգութեան Մէջ. Մեր Սիրոյ Գարունը»: Յայտագիրին ներկայ էին ծնողներ, հիւրեր, նախապէս նոյն ծրագիրին մէջ բաժին ունեցած շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնը՝ Մայքըլ Փրեթ:
Յայտագիրը սկսաւ «Վահագնի Ծնունդը» քերթուածով: Աշակերտները նկատի առած էին, թէ հո՛ն է հայկական քերթողութեան ակունքները: Ապա հնչեցին Մ. Մեծարենցի, Վ. Թէքէեանի, Դ. Վարուժանի, Վ. Տէրեանի, Յ. Թումանեանի, Աւ. Իսահակեանի եւ Ե. Չարենցի քերթուածները: Այս տարի, աշակերտները նաեւ երկխօսութիւններու վերածելով բեմականացուցին 16րդ դարու աշուղ Նահապետ Քուչակի սիրային հայրեններու ընտրանի մը: Յայտագիրին մէջ տեղ գտած էր նաեւ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն պատկեր մը՝ Մարիամ իշխանուհիի եւ Յովհաննէս վանահօր երկխօսութիւնը: 19րդ դարու քնարական բոյրը տալու համար, աշակերտները նաեւ պատրաստած էին «վալս» պար մը, զոր կատարեցին Արամ Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս»ի նուագակցութեամբ:
Յայտագիրի վերջին հանգրուանին, աշակերտները հնչեցուցին Եղիշէ Չարենցի «Պատգամ»ը եւ «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի» քերթուածը: Աւարտին, անոնք միաբերան երգեցին Ռ. Հախվերդեանի «Մեր սիրոյ աշունը» երգը:
Կատարումներուն դաշնակով եւ կիթառով ընկերակցեցան դպրոցէն ներս յայտնուած տաղանդաւորներ Սէրա Այնթապլեան, Լարա Խորխորունի, Նարեկ Տատուրեան եւ Սեդրակ Քէշիշեան:
Իր հուսկ բանքին մէջ, դասարանի ուսուցիչ եւ «Հայկական Քնարերգութիւն» ամէնամեայ ծրագիրի հեղինակ Նորայր Տատուրեան ըսաւ. «Մեր յայտագիրը այժմ հասաւ իր աւարտին, բայց նոր կը սկսի այս պատանիներուն նաւուղղութիւնը հայկական քնարերգութեան ծովուն վրայ: Մենք կը հաւատանք, որ ընտիր բանաստեղծութիւնը զանոնք կը դարձնէ ազնիւ անձեր: Այս բանաստեղծութիւններու հիման վրայ անոնք պիտի շարունակեն կառուցել հայկական ինքնութիւնը եւ հայրենի պատկանելիութիւնը»:
Նշենք, որ խումբը ծրագրած է յայտագիրը կրկնել քաղաքս գտնուող եւ երէցներու յատուկ զոյգ «Արարատ Տուն»երուն մէջ:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)